
ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅ ԼԱՏԻՆՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Յակոբ ՉոլաքեանՀամազգային հայագիտական հիմնարկ (Սիրիա, Հալեպ)
Կը ներկայացուին Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան հայահոծ շրջաններուն մէջ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ծաւալած լատին քարոզչութիւնը, լատինադաւանութեան տարածման պայմաններն ու միջոցները, հայ ծագումով լատին համայնքներու կազմութիւնը, իբրեւ առանձին եկեղեցիներ կամ ոչ հայ ծագումով լատին համայնքներու մէջ ցրուած հայ ընտանիքներու մեծաթիւ ներկայութիւնը։ Զեկոյցը կ’անդրադառնայ լատին եկեղեցւոյ էութեան, ազգային արժէքներու նկատմամբ իր դիրքին, ապա կը ներկայացնէ լատինադաւաններուն հայ եկեղեցւոյ գիրկը վերադառնալու ճիգերը եւ մնացորդացին արդի վիճակը։
Զեկոյցը կը փորձէ այս բոլորը ներկայացնել օտարադաւանութեան հոսանքներուն ու հայ եկեղեցւոյ ընդհանուր իրավիճակի համայնապատկերին վրայ։
Օտար քարոզչութեանց ենթահողը
ԺԹ. դարուն հայ եկեղեցին իր երեք նուիրապետական աթոռներով (Սսոյ Կաթողիկոսութիւնը, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնները) թէեւ օրինաւոր կերպով ներկայ էր շրջանին մէջ, բայց ոչ մէկ թեմական իշխանութիւն կը գործէր կանոնաւորաբար։ Եկեղեցապանն ու բանկալապետը ժառանգաբար կալուածատէր ընտանիքներու ներկայացուցիչներ էին։ Եկեղեցապատկան կալուածներու տեսուչ վարդապետը կամ եպիսկոպոսը, իբրեւ կալուածներու տեսուչ կամ մութէվէլլի, կը բաւարարուէին պտղնի հաւաքելու գործով միայն ու տարին անգամ մը միայն կ’այցելէին այդ շրջանները։ Ազգ. Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք թէ՛ Սսոյ Կաթողիկոսարանը եւ թէ՛ Երուսաղէմը լուռ կերպով կը հակադրուէին Պոլսոյ Պատրիարքարանին, բայց ժողովուրդին կարիքներուն համար անմիջական պատասխանատուութիւններ ընդունելէ կը խուսափէին, իսկ Պատրիարքարանը կը սպասէր, որ թեմերուն մէջ Սահմանադրական իշխանութիւնները հաստատող ուժերը տէր ելլեն ու յետոյ ինք միջամտելու եւ օգնելու տրամադրութիւններ ունենայ։ Շրջանը թեմական իմաստով երրեակ իշխանութեան մը խառնաշփոթութիւնը կ’ապրէր, ուր ամէն կողմ իր շահերը կը հետապնդէր։ Մամուլին մէջ յաճախ երեւցող յօդուածներն ու բողոքները իսկապէս կը մնային անպատասխան։ Կիլիկիոյ եւ Անտիոքի շրջանի հայոց հոգեւոր, կրթական, ընկերային, տնտեսական ու ազգային անմխիթար վիճակը չէր փոխուեր։
Հայ Եկեղեցին իր անզօրութեամբ, իր անտարբերութեամբ եւ ներքին հակամարտութիւններով, հայ ժողովուրդը օտարադաւանութեան մղող գլխաւոր ազդակներէն մէկ եղաւ։
Կիլիկիոյ եւ Անտիոքի թեմական խառնաշփոթ վիճակին, կրօնական գերագոյն իշխանութեան մը բացակայութեան եւ վիճակներու անկազմակերպ դրութեան տեղեակ ըլլալով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկ իր 11 Փետր. 1899 թուակիր կոնդակին մէջ կը գրէ Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մաղաքիա Արք. 0րմանեանին. «Կիլիկիոյ աշխարհէն ողբալի եւ գուժաբեր թուղթեր հետզհետէ հասնում են ձեռքս։ Այդ թուղթեր կարդալով ես վշտահար կը լինիմ, թուղթեր որոնք միայն կ’աղաղակեն սո՜վ է, սո՜վ է, այլ առաւել անտէրունչ եւ անհովիւ ժողովրդի կացութիւն նկարագրում են որոց չգոյ է հովիւ եւ առաջնորդ, տեսուչ եւ այցելու»։ Խրիմեանը մեծապէս կը յուզէ դաւանափոխութեան ալիքը, որ հետզհետէ կ’ահագնանայ. «Վա՜յ ինձ եւ վա՜յ քեզ, ես այժմէն կը սոսկամ եւ դու եւս սոսկացիր, երբ պատմութեան տարեգրութիւնը այսպէս պիտի արձանագրէ. «Ի ժամանակս Հայրապետութեան Տ. Մկրտիչ Կաթողիկոսի եւ ի պատրիարքութեան Տ. Մաղաքիա Արքեպիսկոպոսի Օրմանեան, Կիլիկիոյ եւ Վասպուրականի ընդարձակ վիճակներ կաթոլիկ դարձան։ Պատմագիր այս հակիրճ վերտառութեամբ չի շատանար, այլ եւ շատ մեղադրանքներ պիտի շարակարգէ իւր պատմութեան էջերում։ Աշխատինք եւ ամենայն զօրութեամբ աշխատինք, որպէս զի Աստուծոյ յաջողութեամբ կարենանք այս հանդերձեալ անարգ եւ անպատիւ յիշատակարան այժմէն ջնջել»1։
Ամէն պարագայի` բողոքական քարոզչութիւնը դարու կէսերուն հսկայական առաջընթաց արձանագրած էր շրջանին մէջ։ Ան մուտք գործած էր գրեթէ բոլոր բնակավայրերուն մէջ, տեղ-տեղ ամբողջապէս իր հովանիին տակ առնելով ժողովուրդը։ Ամերիկեան Պորտի, ապա անկլիքան եւ իրլանտական եկեղեցիներու միսիոնարները կը հովանաւորէին այս շարժումը՝ յաճախ հակամարտութեան մէջ ալ իյնալով իրարու հետ։ Կաթոլիկ շարժումը նոյն ուժգնութեամբ կը թափանցէ շրջանէն ներս, բայց դարու եօթանասունական թուականներուն ծաւալած Անտոնեան-Հասունեան վէճերը կը ջլատեն անոր ուժերը։ Յետագային Կաթոլիկ կղերին օգնութեան կը հասնին լատին առաքելութիւնները, այս անգամ այլածէս կաթոլիկ՝ լատին եկեղեցւոյ մը հիմնումին ալ առիթ ընծայելով2։
Նորադաւան համայնքներու կազմաւորման օրինաչափութիւնները
Ինչպէս նախապէս՝ բողոքական եւ կաթոլիկ քարոզչութիւնները, լատին եկեղեցւոյ հայրերը նոյն միջոցները ի գործ դրին հայ շրջանակներուն մէջ «մարդորսութիւն» կատարելու եւ իրենց համայնքները ստեղծելու ճամբուն վրայ։ Այսպէս՝
- Օսմանեան կայսրութեան մէջ ստեղծուած բարենպաստ պայմաններու բերումով մեծ գիւղերու՝ աւաններու եւ քաղաքներու մէջ ստեղծուած էր շուկայական յարաբերութիւններու մէջ մտած խաւ մը, որ 1840-1850 թուականներուն հոգեւոր եւ կրթական գործը իր հովանիին տակ առնելու փորձեր կը կատարէ ու կը բախի հին իշխանութիւններու կամքին։ Օտար միսիոնարները օգնութեան կը հասնին ու այսպէս է, որ կը ստեղծեն բողոքական, կաթոլիկ եւ լատին համայնքները ու ճանաչում կը ստանան իբրեւ առանձին «միլլէթ»ներ, անկախ՝ հայ եկեղեցւոյ կառչած զանգուածէն՝ «էրմէնի միլլէթ»էն:
- Արդէն դաւանափոխ զանգուածի մարդիկ շուկայական գետնի վրայ կախուածութեան մէջ կը ձգեն գիւղական զանգուածը ու կ’ազդեն անոր վրայ կամաց-կամաց ամբողջ բնակավայրեր դաւանափոխութեան ենթարկելով։
- Անտիոքի շրջանին մէջ օտարադաւանութիւնը գրեթէ ամէն տեղ ինքզինք պարտադրեց նախ քահանայ հայրերու եւ երբեմն բանկալապետի օտարադաւանութեամբ։ Քահանայ հայրերը եւ բանկալապետը հաշուետու չէին ուզեր ըլլալ ու կը տիրէին եկեղեցւոյ հասոյթներուն ու կալուածներուն՝ վայելելով օտար միսիոնարներու ազդու պաշտպանութիւնը դատական ատեաններու մէջ։
- Եկեղեցական շէնքերը սեփականացնելու պայքարը կ’աւարտէր անոնց քանդումով։ Նորակազմ համայնքը նոր եկեղեցի կառուցելու հրամանագիր կը ստանար, բայց մայր համայնքը իր եկեղեցին վերանորոգելու կամ անոր աւերակներուն տէր ելլելու իրաւունք չէր կրնար ձգել։ Դատական գործերը կը շարունակուէին տասնամեակներ։ Ասկէ ոչինչ կը շահէր մայր համայնքը։ Հետաքրքրական է նշել, որ նորադաւաններու կողմէ 1860ին քանդուած Քեսապի շրջանի Գարատուրան գիւղի վերին թաղի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերակներուն վրայ դատ մը կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։
- Օտարադաւանութիւն որդեգրած համայնքները շատ արագ կերպով հոգեւոր, կրթական, տնտեսական, ընկերային ու կենցաղային փոփոխութիւններ կը կրեն, կ’ունենան օրինաւոր վարժարաններ, չափահասներու դպրոցներ, գեղեցիկաշէն եկեղեցական դպրոցական շէնքեր, բժիշկ ու դարմանատուն, գործի հնարաւորութիւններ, կենցաղին ու յարաբերութիւններուն մէջ կը մտնեն նոր երեւոյթներ։ Հայ համայնքը կը մնայ աղքատ, տգէտ, ծաղրական, ու այդ կացութենէն փրկութեան ելքը շատերու համար կը մնայ օտարադաւանութիւնը։
- Գրեթէ ամէն տեղ սուր կերպով կը լարուէին յարաբերութիւնները նորադաւաններու եւ մայր եկեղեցւոյ հաւատարիմ մնացած զանգուածին մէջ։ Փոխամուսնութիւնները կ’արգիլուէին, հայոց կալուածները կը քանդուէին կամ կը սեփականացուէին, նոյնիսկ գերեզմանատուները կռուախնձոր կը դառնային։
- Օտարադաւանները միշտ պաշտպանուած կը զգային իրենք զիրենք Օսմանեան կայսրութեան բարձրագոյն ատեաններուն առջեւ, հետեւաբար եւ տեղական պաշտօնեաներու եւ կառավարիչներու առջեւ։ Բացի օտար միսիոնարներէն, որոնք իրենց հօտը կը նկատէին օտարադաաւանները, անոնք կը վայելէին նաեւ պաշտպանութիւնը Իտալիոյ, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Գաղիոյ եւ Ամերիկայի հիւպատոսներուն, որոնք Լաթաքիայէն, Անտիոքէն, Հալէպէն, Աղեքսանդրէթէն կը կատարէին այն, ինչ որ կը թելադրէին միսիոնարները։ Օտար միսիոնարութիւնները ժողովուրդը օսմանեան պաշտօնեաներու խժդժութիւններէն, եւ նոյնիսկ հայ աւատապետերու կամայականութիւններէն պաշտպանելու գործը կը կատարէին դաւանափոխութեան փոխարէն։
Լատին համայնքներու կազմութիւնը
Շրջանին մէջ լատինադաւանութիւնը առաջին անգամ կ’երեւի 1878ին արաբախօս Գնիէ գիւղին մէջ։ Գիւղի իշխան աւատապետ Հաննէի հանդէպ կ’ընդվզին համագիւղացի Ճօուպի ընտանիքի անդամները եւ Հաննէի դէմ կը գրգռեն անկէ մասամբ կախեալ գիւղացիները։ Հալէպի Առաջնորդը կը հաստատէ Հաննէի կամքը ու Ճօուպիներուն առիթ չի տար խառնուելու եկեղեցական ու կրթական գործերուն։ Գիւղի քահանան, կարնեցի Տ. Մեսրոպ քահանայ Նազլեան, յայտնապէս դէմ է Հաննէի մենիշխանութեան ու կը յարի Ճօուպիներու ճակատին, կը սեփականացնէ գիւղի՝ Երուսաղէմի եւ Կիլիկիոյ Աթոռներուն պատկանող ձիթաստանները ու հաշուետու չ’ըլլար Հաննէի։ Անոնք պաշտպանուելու համար կը դիմեն Հալէպի հայ կաթողիկէ եւ բողոքական դէմքերու։ Սակայն, կաթոլիկները, Անտոնեան-Հասունեան վէճերու պատճառով, չեն կրնար գոհացում տալ ժողովուրդին, նոյնպէս՝ բողոքականները՝ դարձեալ ներքին երկպառակութիւններու պատճառով։ Ընդդիմադիրները պահ մը կը յարին հոռոմներուն, սակայն տեսնելով, որ արեւելեան եկեղեցի մը պիտի չկրնայ իրենց ինքնիշխանութիւնը հովանաւորել, կը դիմեն Հալէպի լատին առաքելութեան միսիոնարներուն։ Անոնք գիւղ կը թափանցեն ու ա՛լ աւելի կը հրահրեն լարուած յարաբերութիւնները: Կը հիմնեն իրենց համայնքը։ Ճօուպիներուն հետ կը լատինանան 30-40 ընտանիք Տէր Մեսրոպ քահանային գլխաւորութեամբ։ Հաննէ կը փակէ եկեղեւոյ դուռը ու նոյնիսկ դաւանափոխ քահանային թոյլ չի տար հոն մտնել։ Հայ եկեղեցին նոր քահանայ կ’ուղարկէ գիւղ, կը փորձէ աշխուժացնել դպրոցը։ Բայց միշտ կը ձախողի վերականգնել համայնքը։ Քաշքշուկն ու դատական գործերը կը տեւեն շուրջ երեսուն տարի։ Լատինները կը յաջողին ամբողջ գիւղացիները, ներառեալ վերջին քահանան, լատին արձանագրել պետական տոմարներուն մէջ ու ահաբեկել բոլոր ընդդիմադիրները։ Եկեղեցին ու կալուածները փրկելու ջանքերը ի զուր կ’անցնին, որովհետեւ դատարանը չընդունիր գիւղին մէջ հայ առաքելական ընտանիքներու գոյութիւնը։ Հայոց Ս.Կիպրիանոս եկեղեցին կը քանդուի լատինաց կողմէ։ Գիւղը ամբողջապէս լատին է 1906ին, ու կը դադրի հայ եկեղեցւոյ վիճակ ըլլալէ։
Լատինները Գնիէ գիւղը կը դարձնեն իրենց ամրոցը ու անկէ կը սկսին քարոզչական ու մարդորսական աշխատանքներու։ Դարասկզբին կողքի արաբախօս Եագուպիէ գիւղն ալ մասամբ լատինացած է արդէն։ Այս երկու գիւղերուն մէջ լատինները կ’ունենան վանքեր՝ եկեղեցական, դպրոցական ու բարեսիրական բաժիններով։ Եկեղեցին այլածէս է, դպրոցին մէջ հայերէն չի դասաւանդուիր։
Յաջորդ տասնամեակներուն շրջանի հայ եւ արաբ քրիստոնեայ գիւղերուն ու քաղաքներու բնակչութեան մէջ լատինները որոշ յաջողութիւններու կը հասնին։ Անտիոքի եւ Լաթաքիոյ մէջ լատինացած հայերը կը կապուին տեղւոյն լատին եկեղեցիներուն, իսկ Արամօ եւ Ղնեմիէ, Արփալի հայաբնակ գիւղերու լատինացած հայերը կը կապուին իրենց մօտիկ արաբ գիւղերու լատին համայնքներու եւ ամբողջապէս կը խզուին հայածէս եկեղեցիներէ ու հայ կեանքէ։
Օգտուելով հայ կաթողիկէ համայնքներու տկարութենէն, լատին առաքելութիւնները կը թափանցեն կարգ մը շրջաններ՝ կրթական ու բարեսիրական աշխատանքներ կատարելու։ Հայ կաթողիկէ համայնքները իրենց կրթական գործը կը յանձնեն անոնց, որոնք շուտով կը հիմնեն վանքեր, դպրոցական յարակից շէնքեր ու կը յաջողին նաեւ ստեղծել փոքրաթիւ համայնքներ (Պէյլան, Հաճի Հապիպլի) առաջացնելով երկու կաթոլիկ համայնքներ՝ հայածէս եւ լատինածէս։
Լատիններու քարոզչութեան համար հրաշալի պայմաններ կը ստեղծուին 1890-ական թուականներուն, Քեսապի եւ Մուսա Լերան շրջաններուն մէջ հնչակեաններուն անձնատուութենէն ետք, երբ, հակառակ պետութեան տուած խոստումներուն, շատեր խստօրէն կը հալածուին, կը ձերբակալուին ու կը բանտարկուին։ Մօտակայ շրջաններու թուրք աղաները իրենց կամայականութիւնները կը բազմապատկեն։ Քեսապի մէջ յանկարծ կը յայտնուի լատին «հովանաւորութիւնը»։ Կարճ ժամանակի մը ընթացքին, Քեսապի շրջանին մէջ լատինաց երկու վանքեր կը հիմնուին եւ քանի մը գիւղերու մէջ լատին համայնքներ կը ստեղծուին։ Վարի Պաղճաղազ գիւղը ամբողջապէս կը լատինանայ։ Քեսապի մէջ լատինականութիւնը որոշ ընդունելութիւն կը գտնէ՝ գլխաւորաբար այն հեռանկարով, որ լատին փատերաները պիտի կարողանային պաշտպանել զիրենք եւ իրենց ունեցուածքը թուրք աղաներու եւ պետական պաշտօնեաներու կամայականութիւններէն։ Նոյնն էր պարագան Պէյլանի շրջանակին մէջ լատինացող ընտանիքներուն համար եւս։
Լատին փատերաները մարդորսութեան նպատակներով վարպետօրէն կ’օգտագործեն 1909ի Աղէտէն փրկուածներու պարագան՝ փաստը վերագրելով իրենց միջամտութեան, ինչպէս Քեսապի եւ շրջակայից ամբողջ հայութեան տեղափոխութիւնը Լաթաքիա՝ իտալական ու ֆրանսական նաւերով, եւ Եագուպիէ ու Գնիէ գիւղերուն անխուսափելի ներխուժումէն զերծ մնալու պարագան։ Այս քարոզչութեան հետեւանքով Եագուպիէ գիւղին լատին համայնքը կը մեծնայ նորագիրներու շնորհիւ։
1915ին, մեզի համար ցարդ անպատասխան մնացած պատճառներով Գնիէ եւ Եագուպիէ գիւղերը չեն տարագրուիր։ Գնիէն ամբողջապէս լատին էր, իսկ Եագուպիէն՝ մասամբ։ Եագուպիէ գիւղի քահանան կը վախճանի։ Լատին մեծաւորը կը յաւակնի յայտնել, որ երկու գիւղերը տարագրութենէն եւ շրջանին մէջ տարածուած հրոսակախումբերու չարիքներէն փրկուած են միայն լատին Եկեղեցւոյ շնորհիւ եւ թէ միայն լատինաց կամքին ու կարողութեան շնորհիւ այս երկու գիւղերը կրնային ոտքի մնալ ու գոյատեւել։ Գիւղին նոյնիսկ ամէնէն աւանդապահ մարդիկը ստիպուած էին լռել ու համակերպիլ։ Անոնք գիտէին, որ լատին Եկեղեցին ու փատերաները տարագրութեան վտանգէն չկրցան փրկել ե՛ւ Քեսապի, ե՛ւ Մուսա Լերան, ե՛ւ Անտիոքի, ե՛ւ Պէյլանի, Զէյթունի ու Մարաշի լատինադաւան հայերը: Հիմա իրենց տարագրութեան չելլելը լատին փատերաներու միջամտութեան հետ կապ ունենար կամ չունենար՝ անոնք կրնային որեւէ պահու վտանգել իրենց կեցութիւնը։
1923ին, երբ ֆրանսական հոգատարութիւնը արդէն հաստատուած էր Սուրիոյ մէջ, Եագուպիէ կ’այցելէ Լաթաքիոյ Երուսաղիմապատկան վանքի տեսուչ եւ Անտիոքի Առաջ. Փոխանորդ Ներսէս Վրդ. Տօլապճեան ու կացութեան մասին կը տեղեկագրէ Սահակ Կաթողիկոսին։ Գիւղը իրողապէս ամբողջութեամբ լատին է: Ժողովուրդին հոգեւոր բոլոր պէտքերը, առանց բացառութեան, կը հոգան լատին Հայրերը, ժողովուրդը լատինաց եկեղեցի կ’երթայ, լատին տօները կը յիշուին, դպրոցականները լատինաց վարժարան կը յաճախեն։ Հայերէնի ուսուցում չկայ, ազգային կեանք չկայ, ո՛չ մէկ արտաքին ազգային յարաբերութիւն։
Եագուպիէի ընտանիքներէն ոմանք կ’ուզեն վերականգնել իրենց եկեղեցական-կրթական գործը, բայց չեն համարձակիր ինքնուրոյն գործել։ Գիւղի՝ Երուսաղէմի եւ Կիլիկիոյ Աթոռներուն պատկանող կալուածներու վերակացու Իպրահիմ Մուսան արդէն պատերազմի նախօրեակէն ի վեր հաշուետու չէ եղած ո՛չ ոքի, որովհետեւ, իրողապէս, ո՛չ Սսոյ Կաթողիկոսարանը կար, ո՛չ ալ Հալէպի Հայոց Առաջնորդարանը։
1923ի ամրան՝ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեան Քեսապի շրջանը կ’այցելէ: Եագուպիէցի ազգայիններ կը յաջողին գիւղի 90 ընտանիքներու հանրագրութիւն մը պատրաստելով՝ Քեսապ երթալ, իրենց գիւղին վիճակը ներկայացնել Կաթողիկոսին եւ անկէ օգնութիւն հայցել։ Կացութիւնը եւ գիւղացիներուն տրամադրութիւնները լաւապէս սերտելէ ետք, ծերունազարդ Հայրապետը անձամբ կ’այցելէ Եագուպիէ գիւղը։ Կաթողիկոսին այցելութիւնը կորով կը ներշնչէ ճարահատ եւ անօգնական գիւղացիներուն: Ան, տեղւոյն վրայ, Ս.Աննա եկեղեցւոյ մէջ, գիւղին համար քահանայ կ’օծէ Սերոբ Այանեանը՝ Տէր Յուսիկ անուամբ: Քահանայի ապրուստին համար Կաթողիկոսը կը տնօրինէ, որ գիւղին մէջ գտնուող եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պատկանող ձիթաստաններուն եկամուտը յատկացուի անոր: Դպրոցին համար կը խոստանայ Բարեգործականին դիմումներ ընել եւ «ազատել մատաղ մանկտին լատին մոլեռանդ կրօնաւորի ճիրաններէն»3:
Կը թուի, թէ գիւղի հայ համայնքը խաղաղութիւն գտած է: Սակայն, եղածին նկատմամբ բոլորովին ալ հանգիստ չի մնար Գնիէ գիւղին մէջ հաստատուած ֆրանչիսկեան վարդապետը: Ան Մայր Եկեղեցի վերադարձած եագուպիէցիներուն դէմ կը կիրարկէ դաւանափոխութեան ամենատգեղ միջոցները՝ սնունդի եւ դրամական խոստումներ, ճնշումներ եւ խոշտանգումներ։ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեանը կ’աջակցին ֆրանսական տեղական եւ նահանգային իշխանութիւնները: Ասոնք կը խոշտանգեն ու գիւղէն կը վռնտեն նորօծ Տէր Յուսիկ քահանան, եկեղեցին ու դպրոցը կը փակեն, ազգային կալուածները կը գրաւեն եւ ամբողջ գիւղը՝ 120 ընտանիք, բռնութեամբ կը լատինացնեն4: Լատինները ամէն չարիք կ’ընէին աւանդապահ գիւղացիներուն, ինչպէս՝ պատուհաններ ջարդել, ծառ կտրել, եկեղեցին փակել, վանքապատկան կալուածներ գրաւել, զէնքով սպառնալ ու ահաբեկումի ենթարկել։ Երկփեղկուած էին Եագուպիէի գրեթէ բոլոր ընտանիքները, մանաւանդ Մըսթըրիհ եւ Գասսիս-Երէցեան տոհմերու ընտանիքները։ Քահանայի ապրուստին համար տրամադրուած եկեղեցապատկան ձիթաստաններու պատասխանատու Իպրահիմ Մուսան եկամուտը չի տրամադրեր քահանային եւ կը բռնագրաւէ կալուածները։
Նախապատերազմեան տարիներուն գիւղական համայնքին մէջ այնքան դրական դեր ունեցած Իպրահիմ Մուսան, հիմա, փաստօրէն, լատինաց ջաղացքին ջուր կը լեցնէ այս անձնական հարցին համար եւ վերջապէս կը լատինանայ։
Կաթողիկոսարանին հետ դատի պատճառով խզումը եթէ հայածէս եկեղեցւոյ ու հայկական վարժարանի հարցը կը ձգձգէ, սակայն անոր կարիքը չի կրնար սպաննել կարգ մը համագիւղացիներուն մօտ։ Անոնք նոյնիսկ համաձայն են մտնելու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հովանաւորութեան տակ, միայն թէ չմնան լատին համայնքին մէջ։ Ատիկա պիտի օգնէր նաեւ գիւղի երկու հատուածներու մերձեցման գործընթացին։ Եագուպիէի համար հարցը արդէն Հայ Առաքելական կամ Հայ Կաթողիկէ համայնքներու ընտրութիւնը չէր, այլ՝ հայածէս եկեղեցիի, եւ անոր միջոցով, հայութեան կապուած ըլլալու պահանջն էր։ Եագուպիէցիք, լատին եւ հայ առաքելական, համատեղ կը դիմեն Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին, որ նոյնպէս չի կրնար բան մը ընել: Լատին փատերաները իրենց ստեղծած համայնքային դրութենէն զրկուիլ չեն ուզեր։ Անոնց համար՝ գիւղացիներու միակ ճամբան լատինացումն է։
Իպրահիմ Մուսայի հետ դատական հարցերը ձեւով մը վերջացնելէ անմիջապէս ետք, Սահակ Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ, Բերիոյ (Հալէպի) թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Սրբազանը 1928ի Նոյեմբերին իբրեւ այցելու Եագուպիէ կը ղրկէ արաբերէնի քաջատեղեակ քահանայ մը՝ բնիկ սասունցի Տ. Բաբգէն Քհն. Աճէմեանը: Վերջինը կը կարողանայ եկեղեցիին շուրջ հաւաքել ցրուած հօտը, կորով ու հաւատք ներշնչել անոր։ Գիւղացիք ապահով կը զգան Մայր Եկեղեցւոյ ցուցաբերած հոգատարութեան մէջ: 1929ին Եագուպիէ կ’այցելեն Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանը եւ ազգային իշխանութեան անդամները, որոնք գիւղացիներուն կողմէ իբրեւ ազատարարներ կ’ընդունուին: Գիւղի հովիւ կը նշանակուի նոյնինքն Բաբգէն Քհն. Աճէմեանը, որ խիզախաբար ու բանիմաց կերպով կը կազմակերպէ իր համայնքը, յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ մայր համայնք վերադարձողներու գործընթացը, խաղաղութիւն կը հաստատէ գիւղացիներուն միջեւ։ 1930ին կը կազմուի Թաղական Խորհուրդը։ Գիւղի համայնքին մէկ մասը կը փրկուի վերջնական կորուստէ ու կը սկսի հայօրէն գոյատեւել:
Սուրիոյ հին գաղութին մէջ արմատ նետած լատիններու շարքին, 1922ի Կիլիկեան պարպումէն ու սուրիահայ նոր գաղութի կազմաւորումէն ետք գոյացան հայ ծագումով լատիններու նոր շրջանակներ եւս։ Այսպէս՝ Սուրիա անցած Մարաշի, Զէյթունի, Այնթապի եւ այլ շրջաններու լատին հայերը կը մտնեն Սուրիոյ հին ու նոր լատին եկեղեցիներու հովանիին կամ լատին առաքելութիւններու հովանիին տակ, որոնք իրենց կը քաշեն տնտեսական, կրթական, բժշկական ու աշխատանքային կարիքներ ունեցող տարագիրները։ Մատուցուած կարիքներուն դիմաց լատինացման գործընթացը կը շարունակուի բոլոր այն շրջանակներուն մէջ, ուր լատինները կեդրոն ունէին։ Այլադաւանութեան վտանգին ու պատճառած պատուհասին մասին յաճախ մտահոգութիւն կը յայտնեն ազգային-եկեղեցական շրջանակները, մամուլը արձագանգ կը հանդիսանայ այս երեւոյթին։ Լատին եկեղեցիները բազմազգ հաւաքականութիւններ կը ներկայացնէին, անոնց դպրոցները եւս։ Մեծ թիւով լատինացած հայ ընտանիքներ Հալէպի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի, Տէր Զօրի լատինաց եկեղեցիներու ծուխ կը հանդիսանան։
Լատին եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնները
Լատին եկեղեցին ինքզինքին չի տար ազգային դիմագիծ։ «Հայ լատին» ըմբռնում չկար՝ ի հակադրութիւն «հայ Աւետարանական» եւ «հայ Կաթողիկէ» յարանուանութիւններուն. ատոր բացարձակապէս թոյլատու չէին լատին հայրերը։ Լատինականութիւնը դէմ էր ազգայնականութեան, հետեւաբար նաեւ՝ Ազգային Եկեղեցւոյ սուրբերուն, հայկական աւանդութիւններուն ու հայոց պատմութեան։ Այդ բոլորին դիմաց՝ ան լատինածէս պաշտամունքը կը տարածէր, լատին սուրբերով ու տօներով կը խճողէր հաւատացեալներու առօրեան։ Կրթական գետնի վրայ ան աւելի ճկուն էր. լրիւ հայախօսներու շրջանակին մէջ, ի պահանջեալ հարկին, դպրոցի մէջ կ’արտօնուէր հայ լեզուի ուսուցումը։ Գնիէ եւ Եագուպիէ գիւղերու դպրոցներուն մէջ հայ լեզուն դասացոյցէն դուրս էր պարզապէս այն պատճառով, որ այս գիւղերու հաւատացեալները արաբախօս էին։ Լատին կղերը այսպիսի շրջանակներու մէջ չափազանց խիստ էր ազգային արմատներուն եւ արժէքներուն հետ նորադաւաններու ունեցած որեւէ տեսակ յարաբերութեան ու աղերսի նկատմամբ։ Ազգայնական ամէն նկրտում կ’արհամարհուէր, առաջ քշելով այն գաղափարը, թէ լատինականութիւնը համազգայնութիւն է, բոլոր ցամաքամասերը, գոյները եւ տեղական լեզուները պարփակող ուժ։
Լատին փատերաներու գործունէութեան մէջ նպատակ կար արեւելեան քրիստոնեաներու շրջանակին մէջ ստեղծել իրենց համայնքը եւ յաչս պետութեան՝ ունենալ համայնքային առանձին իրավիճակ։ Ատիկա իրենց գործունէութեան ապահով հիմք կը դառնար։ Այս պատճառով անոնք յարատեւ ծաւալելու եւ նորանոր նորագիրներ իրենց հովանիին տակ ներգրաւելու խնդիր ունէին։ Անոնց առաջին գործը կ’ըլլար նորադաւան ընտանիքը իր բոլոր անդամներով լատին արձանագրել պետական տոմարներուն մէջ։ Այս պատճառով, հայերը միշտ զգոյշ էին իրարու հետ, որովհետեւ որեւէ անհասկացողութիւն եւ անհանդուրժողութիւն Բարեգործականի տեղական մասնաճիւղի, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի, դպրոցի հոգաբարձութեան մէջ կամ նոյնիսկ ծնողք-դպրոց յարաբերութեանց մէջ՝ կրնար դէպի լատինացում տանիլ։ Լատինանալու սպառնալիքով՝ մարդիկ իրենց կամքն ու քմահաճոյքը պարտադրելու միտումներ ալ ցոյց կու տային։
Օսմանեան իշխանութեան շրջանին լատին համայնքին մէջ գերակայութեան զգացումը ընդհանուր երեւոյթ էր։ Լատին Եկեղեցին արեւմտեան եկեղեցի էր. արեւելքի լատիններուն համար՝ իրենց համայնքը Եւրոպային բացուած դուռ էր, ու իրենք եւրոպական քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչները նկատուելու ինքնագովութիւնը ունէին. այս բոլորը, բնական կերպով, կը մղէին, որ լատինները վերէն դիտէին Արեւելքի քրիստոնեաները, մանաւանդ իրենց ազգակից հայերը։ Լատին Եկեղեցին իր հաւատացեալներուն մէջ կրցած է հիմնել այն պատկերացումը, որ լատինականութիւնը միջազգայնականութիւն է եւ չի կրնար պարփակուիլ ազգային նեղ պատեաններու մէջ։ Լատինաց համար՝ Հայ Եկեղեցին եւ անոր միջոցով գոյատեւող հայութիւնը յետադիմական եւ ժամանակավրէպ երեւոյթներ էին։ Անտիոքի շրջանի բողոքականները, կաթոլիկներն ու լատինները հայ լուսաւորչականները կը հեգնէին կանչելով «էրմանա, կարմէր իմանա» (հայ է, կարմիր եմանի է)։ Կարմիր եմանին յետադիմութեան նշան էր հոս։ Դաւանանքային պատկանելիութեան հաւասարեցումը ազգային պատկանելիութեանը՝ ընդհանուր ընկալում էր այդ օրերուն։
1920 թուականէն ետք, երբ ֆրանսացիները տիրեցին Սուրիոյ, լատինադաւաններն ստացան յատուկ կարգավիճակ։ Լատին եկեղեցւոյ հետեւորդները գործնականին մէջ ունէին շատ առաւելութիւններ միւսներուն նկատմամբ, քանի որ կը վայելէին հոգատար իշխանութեանց հովանաւորութիւնն ու առանձնայատուկ վերաբերմունքը: Պետական, շրջանային ու գիւղական իշխանութիւններուն մէջ լատին ներկայացուցիչները տեսակարար ամենամեծ տոկոսը կը կազմէին։ Ֆրանսական իշխանութեան օրով, ամէն տեսակի պաշտօններու դռները աւելի դիւրին կը բացուէին անոնց առջեւ։ Հայազգի լատինները իրենք զիրենք կը սահմանազատէին իրենց այլածէս ազգակիցներէն ու վերէն կը նայէին անոնց վրայ՝ ա՛լ աւելի բորբոքելով միջյարանուանական անհանդուրժողութիւնը։
Վերադարձ Մայր եկեղեցի
1890ական թուականներուն, ազգային ազատագրական պայքարի առաջին տասնամեակին, մանաւանդ Հնչակեան կուսակցութեան Անտիոքի շրջան ներթափանցման տարիներուն, ազգային-հայրենասիրական բովով կ’անցնին շրջանի կարգ մը բնակավայրերը ամբողջութեամբ, ինչպէս Պէյլան, Մուսալեռ ու Քեսապ։ Նախապէս միայն «փրոթէսթան» եւ «կաթոլիկ» անուանումները կու գան փոխարինուելու «հայ աւետարանական» ու «հայ կաթողիկէ» ինքնութեան անուանումներով։ Համայնքներու միջեւ մերձեցման շրջան մըն է ասիկա։
Օսմանեան Սահմանադրութեան յաջորդող տարիներուն, մանաւանդ 1909ի Աղէտէն ետք շրջանի բոլոր համայնքներն ալ վերականգնումի փայլուն ճիգեր կը կատարեն, մանաւանդ հայ առաքելական համայնքը, որ դպրոցաշինական ու կրթական գործին մէջ կ’ուզէ գլել անցնիլ միւս համայնքները՝ առանց ունենալու անոնց նիւթական ընդարձակ հնարաւորութիւնները։ Ասիկա ազգային-հայրենասիրական նոր հոսանքի մը շրջանն է, որ կը վարակէ եւս աւետարանական ու կաթողիկէ համայնքներու երիտասարդութիւնը։ Այս շրջանին կարգ մը շրջանակներու մէջ, ինչպէս Քեսապ ու Մուսալեռ, կը նկատուի ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այդ նպատակով դպրոցը յարանուանական իշխանութիւններէն խլելու եւ անկախացնելու լուրջ նկրտում մը, նոյնիսկ վերադարձ դէպի ազգային ակունքները։ Ասիկա ոմանց համար կը նշանակէր վերադարձ դէպի մայր եկեղեցի։ Այդ նպատակը ունէր 1910ին հիմնուած Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւնը, որուն անդամները մեծ մասով աւետարանական համայնքէն դաշնակցական երիտասարդներ էին։
Յարանուանական բաժանումը ամէն պարագայի կը շարունակէ խանգարել ազգային միասնականութեան գերխնդիրը։ Ատիկա կ’երեւի մանաւանդ 1915ին, երբ թուրք իշխանութիւնները դիմադրութեան ամէն պատրաստութիւն եւ յարմարութիւն ունեցող Քեսապի բնակչութիւնը կը պառակտեն խաղալով յարանուանական խաղը։ Բողոքականներուն տրուած խոստումը, թէ տարագրուողները պիտի ըլլան միայն հայ առաքելականները, կը ջլատէ դիմադրութեան ուժերը։ Վերջին անգամ կը տարագրուին նաեւ բողոքականները։
Հակառակ երեւոյթն ալ կայ։ Տարագրութենէ վերադարձէ ետք, արտաքին նպաստներու կասեցման պայմաններուն տակ, գէթ ժամանակաւոր ձեւով, Սահակ Կաթողիկոսի կոչին կը միանան բողոքականները միացեալ վարժարաններու գաղափարին շուրջ։
1930ական թուականներուն բողոքական համայնքներու երիտասարդական թեւը կ’ուզէ ազգային հիմունքներով վերակազմակերպել աւետարանական եկեղեցին։ Ասիկա մեծ ցնցումներ կը պատճառէ համայնքին։ Այս բուռն շարժումին հետեւանքով տարբեր վայրերու մէջ, մանաւանդ Քեսապի շրջան, կը նկատուի զանգուածային վերադարձ դէպի մայր եկեղեցին։ Այս շարժումը տակաւին կը գոյատեւէ։
Այս շարժումը կ’անցնի նաեւ կաթողիկէ համայնքին, որուն կրթական գործը կը վարէին լատին համայնքի օտար հայրերը։ Ի դէպ, տարագրութենէն վերադարձէն ետք հայ կաթողիկէ-լատին միացեալ վարժարաններուն մէջ հայերէնի ուսուցումը աւելի կարեւորութեամբ կ’ուսուցուէր։ Այդքանը չի գոհացներ ծնողներն ու աշակերտները։ Կաթողիկէ համայնքը լատին հայրերու հսկողութեան տակ դրուած իր դպրոցներուն մէջ կը պահանջէ աւելի լայն տեղ տալ ազգային դաստիարակութեան, լեզուի կողքին նաեւ հայոց պատմութեան ուսուցում։ Շարժումը կը գլխաւորէ հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հայր Թովմաս Վրդ. Քաջազնունի։ Կաթողիկէ համայնքի պահանջքը կը մերժուի։ Հայր Քաջազնունի խումբ մը աշակերտներով եւ օգնական քանի մը ուսուցիչներով նոր վարժարան մը կը հիմնէ։ Լատինները տեղի կու տան. Հայոց պատմութիւնը դասանիւթ կը դառնայ, ետ միացում կը գոյանայ։ Սակայն, շրջանին մէջ լատին եկեղեցւոյ դէմ ալիքը չի դադրիր: Ազգայնական զգացումներով տոգորուած մարդիկ աւելորդ ու անտեղի կը համարեն լատին համայնքի մը գոյութիւնը Հայ Կաթողիկէ համայնքի մը գոյութեան շրջանակին մէջ։ Այլածէս կաթոլիկ եկեղեցին աւելորդ կը նկատուէր հայ շրջանակին մէջ։ Խնդիրը կը հասնի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ Պէյրութի Պապական Նուիրակութեան։ Ի վերջոյ, 30 Յուլիս 1946ին, Քարտինալ Աղաճանեանի միջնորդութեամբ, պապական հրամանով, Քեսապի շրջանի լատին համայնքները լուծարքի կ’ենթարկուին, անդամները, եկեղեցիներն ու վանական կալուածները Հայ Կաթողիկէ համայնքին կ’անցնին, եւ լատին հայրերը շրջանէն կը հեռանան5։
Ծագումով հայ լատին մնացորդացին վիճակը
1939ին Աղեքսանդրէթի Սանճաքի պարպումին, ապա Քեսապի շրջանի լատին համայնքներու լուծարքին հետեւանքով ամբողջ Սուրիոյ մէջ կը մնան ծագումով հայ միայն հետեւեալ լատին համայնքները.
- Գնիէ գիւղը ամբողջութեամբ,
- Եագուպիէ գիւղի բնակչութեան մէկ մասը,
- արաբախօս կամ հայախօս ցրուած զանգուած մը, որ կը նկատուի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող լատին եկեղեցիներու ծուխը։
Վերջին զանգուածին մէջ հայախօսներու մօտ շատոնց կը նկատուի հայածէսութեան վերադառնալու ձգտում մը։ Ատիկա կ’երեւի մանաւանդ մկրտութեան եւ պսակի խորհուրդներուն ատեն, երբ մարդիկ կը փափաքին, որ ծէսը հայկական ըլլայ։ Լատին եկեղեցին ատիկա թոյլ չէր տար, նկատի ունենալով, որ հայածէս եկեղեցւոյ մէջ ըլլալու պարագային ենթական պիտի արձանագրուի հայ կաթողիկէ կամ հայ առաքելական։ Ասիկա մասամբ մը յաղթահարելի է այսօր մասնաւորաբար Հալէպի մէջ։
Այդ զանգուածին մէջ, արաբախօսներուն համար յատկապէս, մշակութային եւ հասարակական մեկուսացումը միշտ ալ կը յանգեցնէ օտարման, իսկ օտարումը միշտ կ’ընդգծէ եւ գերակայ կը դարձնէ օտարման պատճառ դարձած արժէքը: Տուեալ պարագային՝ լատինականութիւնը: Նոյնը կարելի է ըսել յունադաւան հայերու մասին կամ այն բողոքականներուն, որոնք տեղւոյն արաբ աւետարանական եկեղեցիներու ծուխեր են։ Լաթաքիոյ Երիցական եկեղեցւոյ ծուխերուն մեծամասնութիւնը կը կազմեն ղնեմիէցի եւ արամոցի բողոքական արաբախօս հայերը։
Սուրիոյ անկախացումէն ետք (1946) արաբ ազգայնականութիւնը դարձաւ պետական գաղափարախօսութիւն, սկսան վերացուիլ գաղութարար իշխանութեանց հետքերը, արգիլուեցաւ օտար միսիոնարութեանց գործունէութիւնը։ Արաբախօս Գնիէի եւ Եագուպիէի լատին համայնքները յայտնուեցան ինքնութիւն որոշելու դժուար կացութեան մէջ, հա՞յ են իրենք, թէ արաբ։
Ե՛ւ հայախօսներու, ե՛ւ արաբախօսներու պարագային, հոս պէտք է նշել հայազգի լատին կղերի խաղցած կարեւոր դերը այս զանգուածներուն մէջ ազգային պատկանելիութեան արթուն մնալու տեսակէտէն։ Արդարեւ, 1920ական թուականներէն ետք լատին առաքելութիւններու մէջ կ’երեւին նաեւ հայազգի քանի մը վարդապետներ, նոյնիսկ եւրոպացիներ, որոնք դրական դեր կը կատարեն այդ ուղղութեամբ։ Մի քանին ունին հայագիտական հետաքրքրութիւններ ու վաստակ, ինչպէս հ. Յարութիւն Մսրլեան, հայր Թալոն, հայր Մըսթըրիհ եւ ուրիշներ։ Ոմանք կատարած են նաեւ հովուական պարտականութիւն։ Անոնցմէ Հ. Յարութիւն Չամիչեան Հալէպի իր հօտին հայերը պատարագէն ետք կ’առաջնորդէր հայ եկեղեցի, որ հաղորդակցուին հայ եկեղեցւոյ ու շարականներուն։ Ան Գնիէ գիւղին մէջ նոյնիսկ հայերէնագիտական ամառնային դասընթացքներ կը կազմակերպէր փոքրիկներուն համար։
Արաբախօս այս երկու գիւղերու լատին զանգուածը, բծախնդրօրէն մշակուած քաղաքականութեան մը իրականացման պարագային, կարելի է իր հայկական ինքնութեան վերադարձնել, չբացառելով նոյնիսկ հայախօս դառնալու հեռանկարը: Շատ կարեւոր է նաեւ իմանալ, որ շատերու մօտ տակաւին արթուն է արմատներուն գիտակցութիւնը, հայկական արժէքներու նկատմամբ հետզհետէ արթնցող հետաքրքրութիւնը, հայերէնագէտ աղջիկներու հետ ամուսնանալու ձգտումը, տան մէջ հայախօսութեան վերադառնալը, բայց անոնք կը մեղադրեն հայ շրջանակները, որ զիրենք հայ չեն համարեր։ Օրինակ, անոնց համար միշտ հարց եղած է, թէ ինչու իրենց համագիւղացիները (առաքելական) Հայաստան ուսանելու կ’երթան իբրեւ հայ, բայց զիրենք ընդունող չկայ։ Սփիւռքը չունի նման կացութիւն ունեցող զանգուածներու հետ կապ ստեղծելու օրինական միջոց, հայրենի պետութիւնը կրնա՞յ ունենալ։
Վերոյիշեալ գիւղերու հայ առաքելական եւ լատին համայնքներուն միջեւ, կրօնականէն զատ, էական տարբերութիւններ չկան կենցաղի ու տնտեսական գործունէութեանց կերպերուն եւ սովորութեանց մէջ։ Կենցաղային մշակոյթը պակաս կարեւորութիւն չունի, քան դաւանանքը։ Միշտ չէ, որ լեզուն եւ կամ դաւանանքը (նոյնիսկ կրօնը), հակառակ իրենց կարեւոր նշանակութեանն ու ազդեցութեանը, վճռորոշ են հաւաքականութեան մը ազգային պատկանելիութեան որոշման համար: Լեզուի մասին հաստատապէս կարելի է ըսել ասիկա Եագուպիէի հայ համայնքին, արամոցիներուն ու ղնեմիացիներուն եւ Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն կարեւոր մէկ մասին համար։ Անոնք հայ առաքելական կամ հայ կաթոլիկ կոչուելով միշտ կապուած կը զգան հայ հաւաքականութեան ու անոր արժէքները պահելու նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերեն։
Հայ Կաթողիկէ կղերին կողմէ պատշաճ հետեւողականութիւն ցուցաբերելու պարագային, կարելի է այս երկու հայ գիւղերու լատինները վերստին հայութեանը շաղկապել՝ Վատիկանի թոյլտուութեամբ զանոնք փոխանցելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովանիին, ինչպէս այդ տեղի ունեցաւ 1946 թուականին Քեսապին շրջանին մէջ՝ առանց որեւէ լուրջ ցնցումի: Հոս իրաւական հարց մըն ալ կայ. լատինաց վարժարանին մէջ կարելի չէ հայերէն դասաւանդել պարզ այն պատճառով, որ պետութեան մօտ հայերէնը ծիսական լեզու է, հետեւաբար անոր դասաւանդութիւնը արտօնելի է միայն հայածէս համայնքներու դպրոցներուն մէջ։
Միւս կողմէ, սակայն, սխալ է կիրառել «Հայ=Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդամ» բանաձեւը: Այսօր, հայադրոշմ են եւ հայկական աւանդութեանց հաւատարիմ՝ նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական յարանուանութիւնները: Հարկաւոր է ցուցաբերել ծայր աստիճան զգուշաւորութիւն՝ այդ անհատներն ու զանգուածները, ազգի գիրկը վերադարձնելու փոխարէն, զանոնք ա՛լ աւելի հեռու չվանելու համար: Վերջ ի վերջոյ, ազգը այլ հասկացութիւն է, լեզուն, դաւանանքը, եկեղեցին ու կրօնքը՝ այլ: Ինչպէս կան բազմադաւան եւ բազմակրօն ազգեր, այնպէս ալ կան բազմազգ դաւանանքներ ու կրօններ: Նոյնը՝ նաեւ լեզու-ազգ յարաբերութեանց մասին: Յայտնի է նաեւ, որ դաւանանքն ու լեզուն ամենահզօր գործօններն են ուծացման, սակայն նոյնիսկ դաւանափոխութեան ու լեզուափոխութեան պայմաններու պարագային, որոշակի քաղաքական իրավիճակներ կրնան շրջադարձային ընթացք ստեղծելու նպաստաւոր ըլլալ:
1Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու Պատմութեան, Գիրք Դ., կազմեց՝ Սանտրօ Բեհբուդեան, Երեւան, 1997, էջ 18-19, վաւերագիր թիւ 6։
2Զեկոյցը յղումներով չխճողելու համար՝ կը թելադրենք տեսնել մեր հետեւեալ աշխատասիրութիւնները. «Քեսապ», Ա. հատոր, Հալէպ, 1995, «Քեսապը 19րդ դարու առաջին կիսուն», «Համայնքներ», «Մայր համայնքին վիճակը», «Կրթական տեսութիւն» բաժինները, էջ 55-80. «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004, «Ազգայնական շարժումը Հայ Աւետ. համայնքէն ներս» բաժինը, էջ 411-458. «Անտիոքի Մերձակայ Ռուճի Հովիտի Հայերը», Անթիլիաս, 2006, «Լատին քարոզչութիւնը եւ Գնիէի լատինացումը» եւ «Ռուճի Հովիտը Մեծ Եղեռնէն ետք» գլուխները, էջ 122-205։
3«Հայաստանի Կոչնակ», Նիւ Եորք, 1923, թիւ 46, էջ 1459ա։
4Աբրահամ Երէցեան, Եագուպիէ- Հայկական Հին Գաղթօճախ Մը, «Գեղարդ Սուրիահայ Տարեգիրք», Հալէպ, Բ. տարի, 1976-1978, էջ 368:
5Յակոբ Չոլաքեան, Քեսապ, Ա. հատոր, էջ 145, 252-255։
դեպի ետ