• am
  • ru
  • en
Версия для печати
06.04.2017

ԳՆԴԱՊԵՏ ՊԱԼԻՔԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆ

Լիբանանի Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա հրապարակեց Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան հրամանատարութեան մէջ նոր նշանակումներու ցանկը:

Հրապարակուած հրամանագիրին համաձայն, գնդ. Ժորժ Պալիքեան նշանակուած է Պետական անվտանգութեան հսկողութեան եւ ընդհանուր քննչական տեսչութեան տնօրէն:

Գնդ. Պալիքեան վերջին ժամանակաշրջանին ստանձնած էր նախ Ժիպէյլի, ապա Պաթրունի անվտանգութեան սպասարկութեան տնօրէնի պաշտօնը, ապա փոխադրուած կեդրոն` իբրեւ Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան նախկին ընդհանուր տնօրէնի օգնական:

http://horizonweekly.ca/en/գնդապետ-պալիքեան-նշանակուած-է-լիբանա/