ԻՐԱՔԻ ԹՈՒՐՔՄԷՆՆԵՐԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ԵՆ, ՈՐ ԿԸ ՑԱՆԿԱՆ ԿՌՈՒԻԼ ՆԱԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՄԱՐ
Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ կռուող շիա թուրքմէններու կամաւորական ուժերու 16-րդ ջոկատի զինեալները յայտարարած են, թէ Իրաքը ԻՊ-էն մաքրելէ ետք պիտի կռուին «Ղարաբաղի ազատագրութեան» համար:
Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Vatan» թերթի կայքը կը գրէ, որ ԻՊ-ի դէմ իրականացուած ռազմական գործողութեան ժամանակ շիա թուրքմէնները ծածանած են Ազրպէյճանի դրօշը եւ կրած են շալեր, որոնց վրայ գրուած եղած է «Ղարաբաղ»:
Ռազմական գործողութենէն ետք յայտարարութիւն ըրած է 16-րդ թուրքմէնական ջոկատի հրամանատար Ապու Թայիր Պեշիրլին: Վերջինս Իրաքի թուրքմէններու անունէն ողջիւններ յղած է Ազրպէյճանի ժողովուրդին` ըսելով. «Մենք Ազրպէյճանէն շատ գոհ ենք: Ազրպէյճանի խորհրդարանը խօսած է Իրաքի թուրքմէններու նկատմամբ ճնշումներու մասին: կ’ողջունենք Ազրպէյճանի քաջ ժողովուրդին: Տայ Աստուած, մօտ ժամանակներս Ազրպէյճանի ժողովուրդին եւ քաջերուն հետ միասին Ղարաբաղի մէջ ալ յաջողութեան պիտի հասնինք»:
Աղբիւրին տեղեկացումով` Իրաքի Ամիրլի շրջանին մէջ ռազմական գործողութեան ընթացքին ազրպէյճանական դրօշներով մասնակցած թուրքմէն երիտասարդները յայտարարած են, որ իրենք պատրաստ են զոհաբերութեան:
«Այստեղ գործերը աւարտելէ ետք Ազրպէյճան պիտի երթանք: Պիտի մասնակցինք Ղարաբաղի գրաւումին»:
Կը նշուի, որ թուրքմէն կամաւորական ուժերու 16-րդ ջոկատը կը կռուի Հաշտ Էլ Շաապի ստորաբաժանումներու կազմին մէջ: Վերջինը կազմաւորուած է Իրաքի մէջ ազդեցիկ շիա հոգեւորական առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Սիսթանիի ֆէթուայով (հրամանով):
http://www.ragmamoul.net/news/world/
