• am
  • ru
  • en
Версия для печати
12.02.2010

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻւՆ

EnglishРуский

   

Պատմելու Արուեստն ու Պատմութեան Ազատագրումը
Հեղինակ` Սիւզան Խարտալեան
Հրատարակութիւն Տրամատիկ ինստիտուտ,Ստոկհոլմ 2009

Հայկական ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմերն ու յատկապէս հեղինակային վաւերագրական ֆիլմերը մեծ թիւ չեն ներկայացներ:

Սակայն շատ աւելի քիչ են ցեղասպանութենէն վերապրողներու նկարահանման հետ կապուած ուսումնասիրութիւնները:

Սիւզան Խարտալեանի հեղինակած նոր աշխատասիրութիւնը նուիրուած է վերապրողներու նկարահանման առնչուող հարցադրումներուն, խնդիրներուն:

1.book_cover (medium)Վերապրողներու նկարահանումը կ’ենթադրէ գործ ունենալ վերապրողի կեանքէն, յիշողութենէն, լեզուէն, ներաշխարհէն պատառիկներու հետ, հատուածներու հետ, որոնք դժուար թէ առանձին առած ունենան պատմելու, storytellingի առանցքային տարրեր, ինչպիսին են ժամանակն ու տարածութիւնը, մշակութային ենթահողը:

Դանիացի գրող Karen Blixen կըսէ. կեանքի բոլոր ցաւերը կարող են ըմբռնելի դառնալ միայն երբ կարենանք այդ տառապանքները պատմութեան վերածել:

Պատմելը, պատմութիւնը կ’օգտագործուի անհաղորդելի պայմաններ ճանաչելու, նոր գաղափարներ ընդունելի դարձնելու համար:

Իւրաքանչիւր պատմութիւն ունի երեք տարրեր, սկիզբ, իւրաքանչիւրս փոքր տարիքէն արդեն գիտենք, որ պատմութիւնները ընդհանրապէս կը սկսին կար ու չկարով: Աստիճանաբար պատմողը կը բանայ ծալքերը, կը պարզէ պատմութեան կորիզը:

Այստեղ արդեն պէտք է առաջադրել յստակ շահագրգրուած կողմեր, հակամարտութիւն, բախում, խնդիր պահանջ, ակնկալիքներ եւ մանաւանդ նպատակ:

Սակայն այս բոլոր պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են յաջող պատմութիւն պատմելու համար, ապա գրեթէ բոլոր այս տարրերը բացակայ են, նոյնիսկ անգոյ են, երբ հայկական ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ մարդու ոդիսականը կուզենք հրամցնել եկող սերունդներուն եւ կամ համաշխարհային հանրութեան:

Հայ մարդու, հայ վերապրողի պատմութիւնը չունի սկիզբ, մէջ եւ վերջ:

Այս պայմաններու տակ ի՞նչպէս կարելի է փշրանքներէն մի ամբողջութիւն կերտել: Փաստօրէն, վերապրողի կեանքը մի սահուն հոսող գետ չէ: Անոր կեանքը կը յատկանշուի մէկ անկրկնելի իրողութեամբ: Մի կեանք ցեղասպանութենէն առաջ, որ գա պատմէ կորսուած աշխարհի մը մասին, ուր նոյնիսկ աշխարհագրականօրէն վայրերու, քաղաքներու եւ գիւղերու անունները կորսուած են առյաւէտ: Անոր օգտագործած լեզուն, հայերէնի տարբեր բարբառները գրեթէ ամբողջութեամբ վերացած են:

Յետոյ արդեն կայ ինքը ցեղասպանութիւնը՝ լրիւ մէկ ուրիշ աշխարհ, անօրէն եւ անօրինակ: Մի ժամանակահատուած, որ շուռ կու տայ հասարակական, քաղաքակրթական բոլոր ծանօթ չափանիշները: Ուր բառերը կը կորսնցնեն իրենց իսկական իմաստը: Ուր անօթութիւնը, ծարաւը, սովը, անապատը, այրող արեւը, եւ բոլոր հասարակ բառերը կը կորսնցնեն իրենց բնական իմաստը:

Եւ անշուշտ կայ երրորդ ժամանակահատուածը, յետ-ցեղասպանութիւն ժամանակը, որ խորքին մէջ յամենայնդէպս կը մնայ առաջին երկու ժամանակներու պատանդը:

Վերապրողը նաեւ պատանդ է, կը մնայ մինչեւ վերջ, այն landscapeին, որ հայրենիքն է, կորուսեալ հայրենիքը, անապատն է, սպանդի դաշտերը: Որոնք նաեւ աբսդրակտ (absract ) են:

Ֆիլմը այն արուեստն է, ուր շօշափելին - տեսանելին առանցքային են հանդիսատեսին հասնելու, անոր վրայ ներգործելու համար: Վերապրողի պատմութիւնը, իր բոլոր անմարդկային մանրամասներով, մարտահրաւէր է նկարահանող րեժիսորին համար:

Ահա այս հարցերուն պատասխանելու փորձ է Սիւզան Խարտալեանի վերոնշեալ աշխատասիրութիւնը:

Յենուելով 25 տարիներու ֆիլմարուեստի իր փորձառութեան վրայ, Սիւզան Խարտալեան կը բիւրեղացնէ վերապրողներու եւ տրաւմատիկ ներաշխարհ ունեցող մարդկանց հետ աշխատելու, ինչպէս նաեւ նկարահանման մեկ իւրայատուկ մեթոտոլոգիա:

Գիրքը լոյս տեսած է Ստոկհոլմ, 2009ին: Հրատարակութիւն Dramatiska Institutet: Կողքի նկարը, Տեր Զոր, յիշողութիւն կորսնցուցած վայրը:

Գրքի շուետերէն խորագիր` ”Berättandets Befrielse: Att filma överlevande från det armeniska folkmordet”, Suzanne Khardalian, Stockholm 2009, skriftserie 9-09.


դեպի ետ