
ՓՈԽՈՒՈՂ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՓՈԽՈՒՈՂ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐ
Միջին դարերուն Կարպատեան աւազանը հաստատուած հայ բնակչութիւնը գլխաւորաբար վաճառականներու ընտանիքներէ բաղկացած էր։ Աւելի ուշ, ԺԷ. դարուն, հայերու ուրիշ կարեւոր ներհոսք մը տեղի ունեցաւ, որուն հետեւեցաւ համեմատաբար մեծ՝ բուռ մը համայնքներու ծաղկումը։ Ասիկա յառաջ բերաւ այդ խումբերը կառավարելու հարցը՝ ընկերային, մշակութային ու քաղաքական իրենց միջավայրին դէմ յանդիման։ Ինչպէս սփիւռքեան որեւէ համայնքի պարագային, այս հայերը առասպելներ ու պատմական հիմքով պատումներ հիւսեցին՝ շրջանի տարբեր ազգային խումբերու շարքին իրենց առանձնայատուկ ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Այսուհանդերձ, ինքնութեան (վերա)կառուցումի առասպելներուն համար ստեղծուած ու պատմական պատումներուն միջեւ բացայայտ անհամաձայնութիւններ կան։ Տոքթ. Պալինթ Քովաչի դասախօսութիւնը փորձեց կառուցազերծել (deconstruct) Կարպատեան աւազանի տարբեր հայ համայնքներուն ինքնութիւնները՝ անոնց յառաջ քաշած առասպելները հետազօտելով եւ զանոնք համեմատելով պատմական արձանագրութիւններուն հետ։
Տոքթ. Պալինթ Քովաչ պատմութիւն եւ աստուածաբանութիւն ուսանած է Պուտափեշտի Péter Pázmány Catholic University-ի մէջ։ 2008-էն ի վեր, Քովաչ Լայփցիկի Institute of East-Central Europe-ի (GWZO) արեւելեան կեդրոնական Եւրոպայի հայերու հետազօտական նախագիծի մը անդամ եղած է։ Ան ղեկավարած է «Արարատ լեռնէն շատ հեռու. հայ մշակոյթը Կարպատեան աւազանին մէջ» ցուցահանդէսը (Պուտափեշտ, 2013)։ Քովաչ 2010-ին պաշտպանած է իր տոքթորական աւարտաճառը Péter Pázmány Catholic University-ի մէջ, իսկ 2016-ին համալսարանի նորաբաց հայագիտական բաժանմունքի վարիչ նշանակուած է։ Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեանի կողմէ (Հայագիտական Ուսմանց Ծրագրի տնօրէն), իսկ ձեռնարկին ատենավարը Ատհամ Սմարթն էր։
Նախնական պատմութիւն
Ըստ աւանդութեան, 3000 հայ ընտանիքներ Թրանսիլվանիա հաստատուած են ԺԷ. դարուն։ Սակայն, մարդահամարի տուեալներ մնացած չեն այդ ժամանակաշրջանէն, իսկ ըստ մեր այժմու գնահատումին, որ հիմնուած է ԺԸ. դարու սկզբնաւորութեան մարդահամարներու վրայ, 3000-ը ուռճացուած թիւ մըն է, իսկ 240 աւելի իրատես է։ Միասնաբար Թրանսիլվանիա գաղթող 3000 հայ ընտանիքներու պատմութիւնը կը խորհրդանշէ առասպելներու օգտագործումը՝ ազգային ինքնութիւնը ամրագրելու համար. ի դէպ, 3000 թիւը երեւան կու գայ շրջանի այլ առասպելներու մէջ։ Օրինակ՝ ըստ ԺԳ. դարու ամենէն հռչակաւոր հունգարացի ժամանակագրին՝ Սիմոն Քեզացիի քրոնիկներուն, իշխան Շապայի բանակի 3000 հոն մարտիկներ ճակատամարտի մէջ պարտուելէ ետք, Ցիկլայի հորին մէջ թաքնուած են ու ապա շէքլէր ժողովուրդին (հունգարական ազգի ենթախումբ մը) ծնունդ տուած են։
Պատմական աղբիւրները կը յիշեն Թրանսիլվանիոյ առնուազն չորս քաղաքներ, որոնք հայկական զգալի բնակչութիւն եւ հայկական եկեղեցի ունեցած է։ Իւրաքանչիւր քաղաք չորս կամ հինգ անուններով (լատիներէն, հունգարերէն, ռումաներէն, գերմաներէն եւ հայերէն) ծանօթ էր. անոնցմէ ամենէն յայտնին Արմենոպոլիսն էր (Շամոշույվար/Գերլա/Արմենիերշթատ/Հայաքաղաք)։ Թրանսիլվանիա կիսանկախ տարածք մըն էր Օսմանեան եւ Հապսպուրկ կայսրութիւններուն մէջ՝ ԺԶ. դարու վերջաւորութեան եւ ԺԷ. դարու ընթացքին, իսկ տնտեսապէս բարգաւաճ Կարպատեան աւազանը կը ներքաշէր հայ ընտանիքներ այդ չորս քաղաքներէն։ Առասպելը կ՚ըսէ, թէ Թրանսիլվանիոյ իշխանը հրաւիրեց առեւտրական ձիրքերով քաջածանօթ հայերը ու յատուկ առանձնաշնորհումներ պարգեւեց, որպէսզի հաստատուէին Կարպատեան աւազանին մէջ։ Սակայն, այս պատմութիւնը անստոյգ է։
Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միութիւնը Կարպատեան աւազանի հայ համայնքներուն եզակի ինքնութեան խորապէս անկիւնադարձային պահ մըն էր՝ Օքսենտիոս Վիրզիրեսկոյի կարեւոր դերակատարութեամբ։ Ծնած՝ 1655-ին, ու մանկութեան կաթոլիկ դարձած, ան աւելի ուշ դպրեվանքի ուսանող եղաւ, ու արդէն կրօնաւոր ձեռնադրուած էր՝ Թրանսիլվանիա հաստատուելու ատեն։ Ան մասնակցած է Հայ Եկեղեցւոյ միացումին Հռոմի հետ՝ Հունգարիոյ մէջ, եւ յաճախ կը յիշուի Թրանսիլվանիոյ հայ պատմագրութեան մէջ։ «Հերձուածող» հայրենակիցները դաւանափոխ ընելու անոր փորձերը դիմադրութեան հանդիպեցան. պատմութիւններ կան Օքսենտիոսի քահանայագործած եկեղեցւոյ քարոզները ընդհատած հայերու մասին։ Աւելի ուշ, հունգարացի կաթոլիկ վարդապետի մը աջակցութեամբ, Օքսենտիոս վերահսկողութիւն հաստատեց հայ առաքելական եկեղեցիի մը վրայ, հայերուն արգիլելով պատարագի մատուցումը։
Ուրիշ ազգութիւններու հետ կապեր ԺԸ. դարուն
Հայերու եւ Թրանսիլվանիոյ հիւրընկալ ընկերութեան կապերուն ըմբռնումը էապէս կարեւոր է՝ շրջանի հայկական ինքնութեան զարգացումի հետազօտութեան համար։ ԺԸ. դարուն, Թրանսիլվանիա բազմազգ շրջան մըն էր. ազգային երեք գլխաւոր խումբերը՝ հունգարացիները, սաքսոնները եւ շէքլէրները, ճանաչումի արժանացած առանձնաշնորհումներ ունէին, մինչ հայերն ու ռումանացիները անյաջող մրցակցութիւն կը վարէին անոնց հետ՝ ձգտելով աւելի բարձր կարգավիճակի մը։ Հայերը անկայուն յարաբերութիւններ ունէին սաքսոններու եւ շէքլէրներու հետ։ 1712-ին համաճարակ մը կը հարուածէր Պիսթրիթայի մեծաւ մասամբ սաքսոն բնակչութիւնը։ Վերջինները հայերը մեղադրեցին համաճարակին համար, իսկ քաղաքային խորհուրդը հրահանգեց, որ բոլոր հայերը քաղաքը լքէին 24 ժամուան ընթացքին։ Հայերը Արմենոպոլիս մեկնեցան, ինչ որ պատճառ եղաւ, որ Օքսենտիոս նամակ գրէր Պիսթրիթայի քաղաքապետին՝ այս դրուագը համեմատելով հրեաներու Եգիպտոսէն վտարումին հետ։ Հայերու ու շէքլէրներու միջեւ լարուածութիւն տիրած է Կէորկէնի քաղաքին մէջ, ուր հայերը առանձնայատուկ ընկերային կարգավիճակ կը վայելէին, ինչպէս եւ առեւտրական յաջողութիւն։ 1726-ին տեղական իշխանութիւնները կ՚արգիլէին հայերու ներկայութիւնը քաղաքի շուկային մէջ՝ առաւօտեան ժամը 8-էն առաջ՝ ամրան, եւ 9-էն առաջ՝ ձմրան, պատրուակելով որ հայերը օրուան առաջին ժամերուն ցած գիներով ապրանք կը գնէին՝ աւելի ուշ բարձր գիներով ծախելու համար։ ԺԸ. դարու աղբիւրները առատ են հայերու ժխտական ընկալումի նմոյշներով, իսկ նման կասկածներու եւ քաւութեան նոխազներու փնտռտուքը սովորական երեւոյթ է այնպիսի ընկերութիւններու մէջ, ուր խմբաւորում մը անհամեմատօրէն մեծ դեր կը խաղայ տնտեսութեան մէջ։
Հակառակ այս արգելքներուն, հայերը աստիճանաբար համարկուեցան հիւրընկալ ընկերութեան մէջ, մեծ մասով եկեղեցական միութեան շնորհիւ, ու սկսան հունգարերէնը որդեգրել ԺԸ. դարու Շէքլէրլանտի մէջ։ Աւելի ու աւելի հայեր ազնուականութեան տիտղոսներ ստացան, իսկ ԺԹ. դարու առաջին կէսին հունգար ազատական ազնուականութիւնը հայերը ճանչցաւ իբրեւ դաշնակից՝ հունգար միջին դասակարգին հետ գործակցելու համար։ Հայազգի զօրավարներ Էռնօ Քիշ եւ Վիլմոշ Լազար կարեւոր դեր ունեցան 1848-ի հունգարական յեղափոխութեան մէջ, որուն պատճառով մահուան դատապարտուեցան Աւստրիական կայսրութեան կողմէ։ Անոնք մաս կը կազմէին «Արատի 13 նահատակներ» անունով ծանօթ զօրավարներու խումբին, որ մահուան դատապարտուեցաւ յեղափոխական իր գործոնէութեան համար։ Այդ խումբին անդամները Հունգարիոյ ազգային հերոսներ կը համարուին։
Հայկականութեան գաղափարախօսութիւնը
ԺԹ. դարու ընթացքին իրենց տեղը գտած ըլլալով, հայ մտաւորականները անհրաժեշտ գտան իրենց ինքնութեան հետազօտութիւնը՝ ձուլումի դէմ յանդիման գաղափարախօսութիւն մը կառուցելու համար։ Կիւլա Միրզա ձեւակերպեց ու տարածեց «հայկականութիւն» կոչուած գաղափարախօսութիւնը «Արմենիա» հանդէսի միջոցով։ 1895-ին ան Թրանսիլվանիոյ հայ ինքնութեան պահպանումի ուշադրութեան արժանի վեց երեւոյթներ վեր կը հանէր. ընտանիք, կրօնք, հաւատք, կրթութիւն ու դաստիարակութիւն, գրականութիւն եւ ընկերային ու հանրային կեանք։ Հայկականութիւնը այս աւանդութիւններուն գործօն պահպանումն էր՝ հայկական նկարագիրը պահելու նպատակով։ Այսպէսով, հայկական ապրելակերպը կրնար ամբողջացնել հունգարական հայրենասիրութիւնը։
Կիւլա Միրզայի հայրենասիրական շարժումը հայոց պատմութիւնն ու հայ ժողովուրդի եզակիութիւնը կ՚ընդգծէր։ Ան կը զգար, որ հայերէնի կորուստը աստիճաբանար խորացող ձուլումի ետին գտնուող գլխաւոր ուժն էր, քանի որ հայերը հետզհետէ հունգարերէնը կ՚որդեգրէին իբրեւ մայրենի լեզու։ Ըստ անոր, հայ կաթողիկէ ինքնութեան ուժեղացումը բանալի էր հայկականութեան պահպանումին հունգարական ընկերութեան մէջ, քանի որ մէկ կողմէ թոյլ կու տար ազգապահպանումը, իսկ միւս կողմէ՝ կրօնական համարկումը հիւրընկալ ընկերութեան մէջ։
Կիւլա Միրզայի ճիգերուն եւ «Արմենիա»յի հրատարակութեան կողքին, հայկական թանգարան մը կը բացուէր Արմենոպոլիսի մէջ ԺԹ. դարու վերջերուն։ Հոն կը ցուցադրուէին Հայաստանի ու իր մշակոյթին հետ կապուած առարկաներ, գրադարանային նիւթեր ու դրամներ։ Թանգարանը տեւաբար ջանք կը թափէր նիւթեր հաւաքելու եւ նուիրատուութիւններ հաւաքելու՝ հայ մշակոյթի այս տունը պահպանելու համար։
Պէտք է աւելցնել փառաւոր ու անցեալի վերածուած դարաշրջանի մը խորհրդանիշին՝ Անիի կախարդական ուժը, որ լայն տեղ գրաւած է կեդրոնական ու արեւելեան Եւրոպայի հայերու գիտակցութեան մէջ եւ հսկայ դեր խաղացած՝ անոնց ինքնութեան կառուցումին մէջ։ Այս զգացումներուն մէկ աղբիւրը Մխիթարեան միաբան Հ. Մինաս Բժշկեանն էր, արեւելեան Եւրոպա ճամբորդած է ԺԹ. դարու կէսերուն։ Անին երբեք տեսած չըլլալով հանդերձ, ան իր շրջապատին աւանդեց իր ուսումնասիրած քաղաքին պատմութեան գիտութիւնը։ 1850-ի իր ճամբորդական գիրքին մէջ, Բժշկեան նկարագրեց Անիի վեց աշխատանքային զբաղումները եւ հայերու գաղթին ծագումը։ Տոքթ. Քովաչի կարծիքով, այս գիրքը անիական ծագումի գաղափարը ներշնչած է Թրանսիլվանիոյ հայերուն։ Այնուհետեւ, ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն, քաղաքը անոնց հաւաքական գիտակցութեան մաս կազմեց։ Սակայն, պատմական առումով, խիստ անհաւանական է, որ Թրանսիլվանիա բնակող բոլոր հայերուն ակունքները Անիէն ըլլային, քանի որ բնակչութիւնը կազմուած էր տարբեր աշխարհագրական գօտիներէ եկած գաղթալիքներով։ Այսուհանդերձ, տուեալ վայրի մը հասարակաց ծագումի գաղափարական ուժը որոշակի ամբողջականութիւն կ՚ընծայէր Թրանսիլվանիոյ համայնքին, որ լեզուի ու աւանդութեան մեծ կորուստներ կրած էր։
Հայերը Հունգարիոյ մէջ ցեղասպանութենէն ետք
Յաջորդ հայկական գաղթալիքը Եղեռնի հետեւանք էր։ Այս գաղթականները հաստատուեցան Հունգարիոյ եւ Թրանսիլվանիոյ մէջ, որ մինչ այդ Հունգարիայէն բաժնուած ու Ռումանիոյ մաս դարձած էր։ Մխիթարեանները հետամուտ եղան Թրանսիլվանիոյ հայ արեան «թարմացում»ին եւ հայկական հաստատութիւններու հաստատումին։ Գորգի վաճառատուները հայկական զգացողութիւն մը բերին Կերլայի (Արմենոպոլիս) պէս քաղաքներու։
Պուտափեշտի հայերը գորգագործական իրենց ձիրքերով նշանաւոր դարձան։ Սովորական երեւոյթ էր տեսնել փողոցները քալող հայեր, որոնք գորգեր կը կրէին իրենց ուսերուն վրայ։ Քաղաքին հայերը հնարաւորութիւնը ունէին ընկերային դրամագլուխ կուտակելու, շնորհիւ Պուտափեշտի տնտեսական ու ընկերային կեանքին մէջ իրենց յաջողութեան, իսկ անոնց կառուցած ընկերային ցանցերը հիմնական նշանակութիւն ունեցան համարկումին մէջ. հայերը չապրեցան իբրեւ լիակատար օտարականներ, այլ ներհիւսուեցան Պուտափեշտի ընկերութեան մէջ։ Անոնք սերտ կապեր կը պահէին սփիւռքեան այլ համայնքներու հետ, ինչպէս ցոյց կու տայ Պուտափեշտի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող ու ամբողջ աշխարհէն եկած հայկական թերթերու հաւաքածոն, որ կը թելադրէ, թէ տեղացի հայերն ալ կը կարդային զանոնք։
1920ական թուականներուն կարգ մը կարեւոր հաստատութիւններու ստեղծումը անկիւնադարձային էր Պուտափեշտի համայնքային կեանքին համար։ Առաջինը Թրանսիլվանիայէն գաղթականներու կողմէ հիմնուած Հունգարահայերու Ընկերակցութիւնն էր։ Երկրորդը հայ-հունգարական բաժնետիրական ընկերութիւն մըն էր, որուն նպատակն էր Սփիւռքէն դրամագլուխ բերել Պուտափեշտ։ Ընկերութեան առեւտրական շահերուն կողքին, ան նաեւ կրթաթոշակներ յատկացուց երիտասարդ հայերու։ «Մասիս» ընկերակցութիւնը, որ կարեւոր դեր խաղաց մշակութային կեանքին մէջ, «Նոր Տառ» հայերէն պարբերաթերթը հրատարակեց՝ իր ընթերցողները տեղեակ պահելով աշխարհասփիւռ հայերու վիճակին մասին։
Ինքնութեան բախում Թրանսիլվանիոյ եւ «նոր» հայերու միջեւ
ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն Թրանսիլավանիա հասած հայերը իրենց համայնքային ինքնութիւնը դարերով զարգացուցած էին հունգար ընկերութեան դէմ յանդիման։ Անոնց ինքնութիւնը, մշակոյթն ու մտածելակերպը մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած էին տարագրութեան մէջ։ Յետեղեռնեան շրջանին հայերու ժամանումին բերած լարուածութիւնը «նոր» ու «հին» համայնքներուն միջեւ յարատեւած է մինչեւ այսօր, երբ դեռ կարելի է նկատել հայ ինքնութեան պահպանումի եւ հունգարական ընկերութեան համարկումի տարբեր աստիճաններ։ Հին հայերը արդէն գրեթէ ամբողջութեամբ ձուլուած ու հունգարերէնը իբրեւ մայրենի լեզու որդեգրած էին, երբ նոր հայերը կը ժամանէին՝ իրենց հայկական բարբառները բերելով։ Հին հայերը Թրանսիլվանիան կը նկատեն իրենց անմիջական հայրենիքը՝ Անիի հեռաւոր հայրենիքը կանգնած ըլլալով իբրեւ իրենց ինքնութեան կորիզին խորհրդանիշը։ Միւս կողմէ, նորեկները տակաւին կը պահեն իրենց Անատոլիոյ տուներուն իրական յուշերը եւ, անշուշտ, ցեղասպանութեան փորձառութիւնները։
Այս բախումին շատ շօշափելի մէկ արդիւնքը հունգարահայերու փոքրամասնական կարգավիճակի չգոյութիւնն է։ Հունգարական օրէնքը կը պահանջէ, որ պաշտօնական ճանաչում ակնկալող փոքրամասնութիւն մը իր մայրենի լեզուն գիտնայ եւ առնուազն մէկ դարու բնակութիւն հաստատած ըլլայ Հունգարիոյ մէջ։ Փոքրամասնութեան կարգավիճակի ճանաչումը հայերը իրաւասու պիտի դարձնէր ֆինանսական օժանդակութիւն ստանալու համայնքային գործունէութեան համար, որ մշակութային հաստատութիւններու պահպանումին կ՚օգնէ։ Քանի որ հին հայերը այլեւս չեն գիտեր իրենց նախահայրերու լեզուն, իսկ նոր հայերը բաւարար ժամանակ չեն ապրած Հունգարիոյ մէջ, անոնցմէ ո՛չ մէկը առանձինն ընտրելի է իբրեւ փոքրամասնութիւն ճանչցուելու համար, բայց եթէ ուժեր միացնէին՝ առիթ մը կ՚ունենային։ Երկու համայնքներուն կամեցողութեան պակասը՝ իբրեւ մէկ համայնք դիտուելու, պատճառ կը դառնայ, որ փոքրամասնութեան կարգավիճակի պաշտօնական ճանաչում չստանան։
Կարպատեան աւազանի հայերուն պատմութիւնը տարբեր գաղթալիքներու եւ տարբեր փորձառութիւններու պատմութիւն մըն է։ Պատմական իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայերը սկզբնապէս դժուարութիւններ ունեցան հաստատուելու Թրանսիլվանիոյ մէջ, ինչ որ լարուածութեան տեղի տուաւ տեղական բնակչութեան հետ։ Հայերը կարիքը զգացին համարկուելու, բայց բազմաթիւ «հայկական տարրեր», ինչպէս լեզու, կրօնք եւ աւանդութիւն, համարկումի ճանապարհին նօսրացան կամ կորսուեցան։ Կիւլա Միրզայի քարոզած հայկականութեան գաղափարախօսութիւնը փորձեց մտաւորական ճիգով հայկական ինքնութիւնը վերակենդանացնել Կարպատեան աւազանին մէջ, եւ ժամանակի ընթացքին բնակչութեան հայկականութիւնը վերակենդանացնելու եւ պահպանելու ուղղուած հաստատութիւններ ստեղծուեցան։ Հայերու երկրորդ մեծ ալիքը ցեղասպանութեան հետեւանք էր, իսկ նորեկները հակասութեան մէջ գտնուեցան հին հունգարահայերու հետ, որոնք դարերով համարկուած էին հիւրընկալ ընկերութեան մէջ։ Հունգարահայութեան այս բաժանումը գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր, եւ ներառած է Խորհրդային Միութեան այն հայերը, որոնք սկսան Հունգարիա գաղթել ղարաբաղեան հակամարտութեան սկիզբէն։ Հունգարահայ ինքնութեան խնդիրները բազմադիմի են, եւ հունգար ընկերութեան մէջ ձուլումի աստիճանը կախում ունի տուեալ խումբի ժամանումի թուականէն։
Translation by Vartan Matiossian
https://progarmstud.org.uk/2017/05/30/changing_communities_armenian/
դեպի ետ