• am
  • ru
  • en
Версия для печати
07.03.2017

ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԷՆ ՎԱՐ ՄԻ՛ ԻՅՆԱՐ. ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԸ

English

   

Translation by Vartan Matiossian

1880-1950-ական թուականներուն, չինական Հարպին եւ Շանկհայ քաղաքները հայ համայնքներու կեդրոն հանդիսացած են։ Այս չինահայերուն պատմութիւնը, անոնց ընկերա-տնտեսական զարգացումը, ինքնութեան կապերը եւ համայնքներուն յանկարծական կազմալուծումը՝ Չինաստանի համայնավար վարչակարգի հաստատումին հետեւանքով, համեմատաբար քիչ ուսումնասիրուած են մինչեւ օրս։ Հայկական Ուսմանց Ծրագիրը, հետեւաբար, հաճոյքով հրաւիրեց տոքթ. Խաչիկ Մուրատեանը այս նիւթին մասին խօսելու Լոնտոնի մէջ։ Դասախօսութեան ատենավարեց Ծրագիրի անդամներէն Լէօն Ասլանով։

Չինաստանի հայ համայնքը ուսումնասիրելու համար 2014-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կրթաթոշակը ստանալէ ետք՝ տոքթ. Մուրատեան երկարաշունչ արխիւային հետազօտութիւն ու հարցազրոյցներ կատարած էր Չինաստանի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Դասախօսութեան հիմքը այդ հետազօտական աշխատանքէն բխած տեղեկագիրն էր։ Տոքթ. Մուրատեան նշեց, թէ ներկայիս կ՚աշխատի նիւթին մասին խմբագրուած հատորի մը վրայ։

«Երկրագունդէն վար մի՛ իյնար. Չինաստանի հայ համայնքները» վերնագիրով դասախօսութիւնը սկսաւ մէջբերումով մը։ Վեր. Ասատուր Եղոյեան Խարբերդէն իր պոստոնաբնակ եղբօր կը գրէր. «Գրիգոր, դուն ճամբորդած ես աշխարհի շուրջ, հիմա փորձառութեամբ գիտես որ աշխարհը կլոր է, զգոյշ եղիր որ անկէ վար չիյնաս»։ Այս մարգարէական խօսքերը հետեւած են Գրիգորին, որ Խարբերդ վերադառնալէ ետք, Ա․ Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ բռնուած ու նետուած էր Չինաստան, ԱՄՆ վերադառնալու փորձի ընթացքին։ Կովկասի բրտութենէն փախչելու ու ԱՄՆ փորձել հասնելու այս օրինակը հասարակաց եղած էր հարիւրաւոր հայերու, որոնք սակայն տասնամեակներով մնացած էին Չինաստան ու համայնքներ հաստատած։

Չինաստանի հայ համայնքներուն կազմութիւնը բաւական տարբեր էր նախորդ դարու առեւտրական դասակարգի պարագայէն։ Փոխարէնը, ինչպէս տոքթ. Մուրատեան դիտել տուաւ, 19-րդ դարու վերջաւորութեան Ռուսական կայսրութենէն եկող առաջին հայ ընտանիքներու գաղթալիքները երկաթուղիի աշխատաւորներու զաւակներ էին կամ բրտութենէ փախուստ տուողներ։ Սկզբնապէս, այս համայնքներուն կորիզը կազմուած է ոչ աւելի քան քանի մը տասնեակ մշակներով ու վաճառականներով։ Ռուս-չինական երկաթուղիներու աշխատաւորները սկսան հաստատուիլ Մանչուրիա, պատճառ դառնալով հայերու հիւսիս-արեւելեան Չինաստան ժամանումին։ Առեւտրականներու եւ երկաթուղիի աշխատաւորներու սկզբնական ժամանումը կը տարբերի աւելի ուշ ալիքներէն, որոնք ցամաքամասը կտրելով Չինաստան կը հասնէին, աւելի ապահով վայր մը՝ Ամերիկաները հասնելու յոյսով։

Տոքթ. Մուրատեանը իր հետազօտութիւնը կեդրոնացուցած է հայերու երկու գլխաւոր կեդրոններուն՝ Հարպինի եւ Շանկհայի վրայ։ Աշխարհի մեծագոյն ռուսական համայնքը ունեցած Հարպինի վերածումը «մշակոյթներու քառուղի»ի կապուած է Անդրսիպերիական երկաթուղիին հետ։ Գաղթական հայերը սկսան զարգանալ այս քաղաքին մէջ, որ 1930-ական թուականներուն շուրջ 500 հայ ունէր։ Մանժուլի քաղաքը ծաղկող հայ համայնք մը ունէր, զոր կորսնցուց 1925-ին։ Շուտով Հարպին կ՚ընդունէր 150 հայ ընտանիքներ, որոնք ընկերա-տնտեսական այլազան ծագում ունէին։

Հայերու արձանագրած ընկերային ու տնտեսական կարեւոր յառաջընթացը յատկապէս կապուած էր առեւտրական ընկերութիւններու ստեղծումին ու ծաւալումին հետ, որոնց շարքին էին կօշիկի գործարաններ, փուռեր, պանդոկներ, շոքոլայի գործարաններ, գորգի գործարաններ եւ այլն։

Այս ձեռնարկատէրերուն նուիրատուութիւնները հիմնական դեր խաղացին համայնքներու ստեղծումին, վերստեղծումին, պահպանումին ու զարգացումին մէջ։ Անդրադառնալով համայնքային զարգացումին, տոքթ. Մուրատեան բացատրեց, որ «բանալի դէմքեր»ը հայկական ներկայութեան մղիչ ու պահապան ուժն էին։ Ըստ անոր, այս «բանալի դէմքեր»ը համայնքներու հիմնասիւնն էին. անոնք ժամանակ ու ջանք թափած են երգչախումբեր, կնոջական բարեսիրական խումբեր, երիտասարդական խումբեր կազմելու եւ համայնքային կեդրոններ պահելու։ 1910-ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը նաեւ կարեւոր դեր ունեցած է սրճարաններու, թատրոններու, ըմպելարաններու եւ պարտէզներու հաստատումին մէջ։ Ձեռնարկատէր Մելթիքեանը օժանդակեց երիտասարդական խմբակի մը եւ փոքր գրադարանի մը կազմութեան՝ Պոստոնէն գիրքերու առաքումը կազմակերպելով, իսկ գորգագործ Գարակէօզեանը ստանձնած էր ժամանող գաղթականներուն անհրաժեշտ օգնութեան հայթայթումը։ Այս «բանալի անձեր»ուն մղիչ ուժը պատասխանատուութեան զգացումն էր ցեղասպանութենէն ու բոլշեւիկեան գրաւումէն փախչող հայրենակիցներուն հանդէպ։

Ինքնութեան հարցն ալ նիւթ դարձած է. Երուանդ Մարգարեանը պատմած է իր կենսափորձը, նկարագրելով թէ ինչպէ՞ս ծնած էր Չինաստան՝ չինացի չհամարուելով հանդերձ, եւ թէ ինչպէ՞ս կռուած էր ֆրանսացիներուն համար Հնդկաչինի մէջ, բայց այսուհանդերձ իր բոլոր ճաշարանները «Կաւկազ» կոչած էր։ Աշխարհի տարբեր կողմեր իր գործարարական ձեռնարկներուն «Կաւկազ» անունին օգտագործումը կ՛ընդգծէր Մարգարեանի հայ ինքնութեան կարօտը։ Ասիկա հասարակաց էր շատ մը չինահայերու, եւ տոքթ. Մուրատեան շեշտեց, որ «Կաւկազ» անունը անոնց համար ձեւ մըն էր իրենց ինքնութեան ու հայրենիքի յիշողութեան հետ հեռակայ կապ ստեղծելու։

Չինահայ համայնքին ներարկուած է ազգային ինքնութեան եւ հայ պետականութեան հանդէպ հայրենասիրական աւիւնը։ Տոքթ. Մուրատեան դիտել տուաւ, որ հանրային ձեռնարկներուն ընթացքին խօսուած ճառերուն ոճն ու բովանդակութիւնը սփիւռքահայ համայնքներու ստեղծումին հետ կապուած յատկանշական երեւոյթ մըն էր։ Վերոյիշեալ «բանալի դէմք»երէն մէկը՝ Ռոստոմեանցը, ըսած էր. «Յիշեցէք, թէ հայ ծնած էք ու հայ պիտի մեռնիք»։ Այս տողը յստակօրէն ուղղուած էր կանխելու ամբողջական ձուլումը եւ քաջալերելու ինքնութեան, մշակոյթի ու ժառանգութեան պահպանումը։ Աւելի՛ն. համայնքին փարումը կրօնական ու մշակութային տօներու խորհրդանշուած է Վարդանանց տօնի նշումով Հարպինի մէջ՝ Բ․ Աշխարհամարտի, ճափոնական գրաւումի շրջանին։ Համայնքին համախմբումը եւ ձեռնարկներու մանրամասն յայտագիրը տեղացի հայ առետրականներուն առիթ կ՚ընծայէր ծանուցում ընելու, կապեր հաստատելու եւ համայնքին արմատները աւելի եւս խորացնելու։

Տոքթ. Մուրատեան նաեւ ընդգծեց Հայ Եկեղեցւոյ չափազանց կարեւոր դերը։ Ան դարձեալ յիշեց Ռոստոմեանցը, որ ըսած էր, թէ Հարպինի եկեղեցին շատ կարեւոր էր, քանի որ պիտի ապահովէր որ «նոր սերունդները յառաջդիմեն եւ արդիւնաւէտ ապրին, միշտ պահելով իրենց ինքնութիւնը՝ հաւատքի, եկեղեցւոյ ու ազգի միջոցով»։ Ասիկա օրինակ մըն է ինքնութեան տարբեր երեսակներու փոխկապակցութեան։ Մինչ Հարպինի մէջ եկեղեցին հայ կեանքի կեդրոնն էր, Շանկհայի մէջ, ուր եկեղեցի չկար, անոր դերը կը ստանձնէր երկյարկանի շէնք մը։ Բազմաթիւ գաղթականներ պատսպարան գտած էին տան մէջ, իսկ կիրակի օրերուն սրահը կը դառնար եկեղեցւոյ սրահ՝ հայերէնի դասերով հանդերձ։

Հարուստ հայ վաճառականներու վիպականացած պատկերի մը ստեղծումը կանխելու նպատակով, տոքթ. Մուրատեան աւելցուց, թէ պէտք է յիշել ընկերային ու տնտեսական տարբեր մակարդակ ունեցող հայերու պատմութիւնները։ Ան նշեց, օրինակի համար, որ քանի մը հայեր սովամահ եղած էին Շանկհայի փողոցներուն մէջ։ Ասիկա կը յուշէ այս սփիւռքեան համայնքները միակողմանիօրէն իբրեւ հարուստ ընտանիքներու կազմաւորումներ բնորոշելու վտանգը։

Տոքթ. Մուրատեան անդրադարձաւ 1945-ին ԱՄՆի բանակին հետ ամերիկահայ զինուորներու ժամանումին։ Շատերը այցելած էին Շանկհայի համայնքային կեդրոնը ու հանդիպած՝ տեղացի հայերու հետ։ Այս յարաբերութիւնները զարգացած էին, իսկ զինուորները յաճախ կը հրաւիրուէին տեղացիներու տուները՝ ճաշելու եւ հանգստանալու։ Աղբիւրներու լուրջ քննութեամբ, տոքթ. Մուրատեան կարողացած է կապեր գտնել ժամանակաշրջանի նամակներու մէջ կրկնուած կարգ մը անուններու միջեւ (Հենրի Քարանեան եւ Գրիգոր Սատոյեան)։ Դասախօսը մանրամասն դրուագներ պատմեց՝ այս նիւթը ԱՄՆի մէջ ներկայացնելու ընթացքին այդ ընտանիքներէն անդամներու հետ իր հանդիպումներէն։

Չինաստանի հայ համայնքը վերջ գտած է 1949-ին, երբ համայնավար վարչակարգին հաստատումը քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու արտագաղթին պատճառ դարձաւ։ Տասը տարի ետք, Հարպին կամ Շանկհայ հայ չէր մնացած գրեթէ. մեծամասնութիւնը գաղթած էր Հայաստան, ԱՄՆ, Աւստրալիա եւ Հարաւային Ամերիկա։ Շատերը օգտուած էին ամերիկահայ զինուորներու հետ իրենց կապերէն՝ ԱՄՆի մէջ ազգականներ գտնելու համար։ Մարգարեաններու պէս ընտանիքներ, որոնք լաւ հաստատուած ճաշարանատէրեր էին, իրենց ունեցուածքը չնչին արժէքով ծախած ու փախած էին։ Տոքթ. Մուրատեան բացատրեց, որ բազմաթիւ ընտանիքներ գոհ էին իրենց մեկնումով. ան յիշեց Յակոբ Շահպազի դստեր՝ չինահայ Էլիզի վկայութիւնը, որ Չինաստան անցուցած վերջին տարիները նմանցուց ռազմագերիի վիճակին։ Շատ մը չինահայ ընտանիքներ, ինչպէս եւ Էլիզը, արեւելեան Ասիոյ իրենց քաղցր օրերը վերյիշած են՝ Չինաստանի Մեծ Պարիսպի եւ չինական օփերայի այցելութիւններ, չինացի դայեակներու հետ մտերիմ յարաբերութիւններ, եւ այլն։

Չինական քաղաքներուն մէջ ներկայիս հայեր կ՚ապրին, բայց տոքթ. Մուրատեան նշեց, թէ ներկայ համայնքը կապ չունի իր ուսումնասիրածին հետ։ Կովկասէն գաղթականներու, գործարարներու, ընտանիքներու եւ ճամբորդներու հին համայնքները փոխարինուած են Միջին Արեւելքէն, Հայաստանէն ու ԱՄՆէն եկած գործարարներու եւ ուսանողներու նոր համայնքներով։

Տոքթ. Մուրատեան նաեւ լսարանի հարցումներուն պատասխանեց, որոնք կ՚ընդգրկէին հայերու օտար լեզուներու (յատկապէս հայերէնի, ռուսերէնի, չինարէնի եւ ֆրանսերէնի) իմացութենէն մինչեւ Չինաստանի ներկայ հայ համայնքներուն մասին քննարկում մը։ Վերջինս շահեկան երկխօսութեան դուռ բացաւ՝ Մեծ Եղեռնի 2015-ի ոգեկոչումներուն մասին հինգ չինական քաղաքներու մէջ, ինչպէս եւ միտքերու փոխանակումի՝ հին համայնքներու անհետացումին մասին, ի մասնաւորի Հարպինի եկեղեցւոյ գործարանի վերածումն ու հետագայ քայքայումը։ Ուրիշ հարցումներ արծարծեցին հայերու, ռուսերու եւ չինացիներու խառն ամուսնութիւններու պարագան, ուր վերջինիս փաստացի գոյութիւնը հազուադէպ էր, սակայն ազգամիջեան բարեկամութիւնը՝ շատ սովորական, ինչպէս եւ Մովսէս Խորենացիի յիշատակած Վարդան Մամիկոնեանի չինական առնչութիւնները։ Վերջինս տոքթ․ Մուրատեանին առիթ տուաւ անդրադառնալու նոր ուսումնասիրութիւններու՝ հայ-մոնղոլա-չինական պատմական կապերուն մասին։

https://progarmstud.org.uk/2017/03/02/dont-fall-armenian/


դեպի ետ