
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԹԱՔՈՒՆ ՀԱՅԵՐԸ
Վերջերս Արժանթինի մամուլը լայնօրէն կ՚անդրադառնայ Անատոլուի (Արևմտյան Հայաստանի-Ակունքի խմբ.) «գաղտնի» հայերուն մասին։ ‘The Footprints of Secret Armenians in Turkey’ խորագրեալ յօդուածին մէջ, Արժանթինահայ լրագրող Աւետիս Հաճեան կը գրէ հազարաւոր ծագումով հայերու մասին, որոնք կը շարունակեն ապրիլ Անատոլուի եւ Իսթամպուլի մէջ՝ ծածկելով իրենց հայկական ինքնութիւնը։ Ան իր հաստատումները կը կատարէ հիմնուելով իր կատարած ուսումնասիրութեանց վրայ, որոնք կ՚ընդգրկեն Իսթամպուլի Kurtuluş շրջանի, ինչպէս նաեւ Ամասիոյ, Տիգրանակերտի, Թունչելի (Դերսիմ-Ակունքի խմբ.), Մուշի եւ Բաթման շրջաններու բնաչկութիւնը։
Թրքական կամ քրտական ինքնութիւնը
Յօդուածին համաձայն, դար մը ամբողջ իրենց ինքնութիւնը թաքուն պահած հայերը կ՚ապրին Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ։ Անոնք ընդունելով Սուննի եւ Ալաուիթ դաւանանքները՝ ստանձնած են թրքական եւ քրտական ինքնութիւններ։
Սակայն, Բաթման նահանգի Սասնոյ շրջանի գիւղերուն մէջ կայ փոքր համայնք մը, որ տակաւին քրիստոնեայ է։ Շեշտելով հանդերձ թէ ոչ ոք կրնայ ճշգրտօրէն իմանալ «ծածուկ հայերու» թիւը, Հաճեան կը գրէ թէ անոնցմէ շատերը կը վախնան բացայայտել իրենց հայկական ինքնութիւնը։ «Թուրքիան տակաւին վտանգաւոր բնակավայր մըն է հայերուն համար», կը մէջբերէ Հաճեան անոնցմէ մէկուն հաստատումը։
«Ծածուկ հայեր»ը, որոնք զգոյշօրէն կը պահեն իրենց ինքնութիւնը, չեն յարաբերիր իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտօրէն ստանձնած հայերուն հետ եւ կը խուսափին անծանօթներէ։ Հաճեան կ՚ըսէ թէ անոնցմէ շատերը, որոնք նոյնիսկ կ՚ընդունին իրենց ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն հայկական ծագումը կամ իրենց թուրք եւ քիւրտ դրացիներէն «հայեր« եւ «անհաւատարիմ» կ՚անուանուին, կը մերժեն իրենց հայկական ինքնութիւնը։ Ուրիշներ սակայն կ՚ընդունին իրենց հայ ըլլալը, սակայն զայն գաղտնի կը պահեն իրենց զաւակներէն։
Ձմեռը՝ եկեղեցի, ամառը՝ մզկիթ
Հաճեան կը գրէ թէ դժուար է յայտնաբերել «ծածուկ հայեր»ը եւ կու տայ բազմաթիւ օրինակներ։ Օրինակ, Ամասիոյ վերջին հայը՝ Ռաֆէլ Ալթընճի, մեծցած է որպէս հայ եւ յաճախած է այն դպրոցը ուր Հրանդ Տինք նաեւ յաճախած է։ Յետագային ան ընդունած է իսլամութիւնը, ամուսնացած է թուրք կնոջ մը հետ եւ իր աղջիկը դաստիարակած է որպէս իսլամ։ Միայն վերջերս ան ընդունած է իր հայկական ինքնութիւնը։ Ճազի Ուզալ, Մուշի շրջանէն գիւղացի մը, ձմրան Իսթամպուլ կեցութեան ընթացքին եկեղեցի կը յաճախէ, իսկ ամրան երբ գիւղ կը վերդառնայ կ՚ապրի իսլամ կրօնքի բոլոր օրէնքներուն համաձայն։
Տիգրանակերտի մէջ, փաստաբան Մեհմէտ Արգան կ՚ըսէ թէ միայն եօթը տարեկանին տեղեկացած է իր ընտանիքին հայկական ծագման մասին։ «Մինչեւ տասը տարի առաջ, մենք մեր հայկական ինքնութիւնը կը պահէինք բոլորէն, սակայն ներկայիս, Տիգրանակերտի մէջ հայերուն վտանգ չի սպառնար», կ՚ըսէ ան եւ կ՚անդրադառնայ Սուրբ Կիրակոս եկեղցւոյ վերականգման աշխատանքներուն։ Ան նաեւ կ՚աւելցնէ թէ Սուննի ըլլալով հանդերձ ինք նուազ հայ չի զգար ինքզինք։
Կարգ մը պարագաներու, ծածուկ հայերը զարմանալիօրէն փոխակերպուած են։ Օրինակ, Բալուի շրջանի Օկասեան գերթաստանը վերապրած է 1915-ի Ցեղասպանութենէն, գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած Rhode Island. Սակայն նախքան անոնց մեկնումը, քրտական ցեղախումբի մը առաջնորդը առեւանգած է ընտանիքին ամենակրտսեր զաւակը՝ Գրիգորը։ Քիւրտ առաջնորդը յետագային ամուսնացուցած է Գրիգորը Զերման անունով որբուհիի մը հետ։ Զոյգը բնակութիւն հաստատած է Բալուի գիւղերէն մէկուն մէջ, ընդունած է իսլամութիւնը եւ որդեգրած թրքական անուններ։
Տարիներ ետք, ԱՄՆ-ի մէջ ապրող անոնց հարազատները կը վերագտնեն Գրիգորն ու Զերմանը։ Այսօր զոյգին թոռնիկը իմամ է, մինչ անոնց երկրորդ սերունդի քեռորդին՝ Նոր Եորքի մէջ Կիլիկիոյ արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական Արք. Չոլոյեանն է։
Ռամանի լեռներու փոքր աղջիկը
Հաճեան կ՚արձանագրէ նաեւ «ծածուկ հայերու» գոյութիւնը Թունճելի շրջանին մէջ եւ կը պատմէ Սասնոյ շրջանին մէջ անոնց հետ իր հանդիպումներուն մասին։ Լրագրողը կը նկարագրէ վեցէն եօթ տարեկան աղջնակ մը, որ խումբ մը հայ ուխտաւորներու հետ կ՚ուղղուէր Ռաման լեռները։ Զօրաւոր քամին պատճառ կը հանդիսանայ որ աղջկան ճերմակ ուսապարկը շրջի ու կը յայտնաբերէ հայկական խաչը։ Հաճեան երբ կը մօտենայ լուսանկարելու համար փոքրիկ աղջիկը, ան անմիջապէս կը պահէ իր դէմքը իր քօղին ետին։ Երբ կը հարցնեն իրեն թէ՝ հա՞յ է կամ հայ հարազատներ ունի՞, ան կը պատասխանէ . «Մենք իսլամ ենք»։
դեպի ետ